Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուխարի. «Մենք Կը Վստահինք Լիբանանցիներուն, Որոնք Իրենց Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ստանձնելու Կարողութիւնը Ունին»

September 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան, անցեալ շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ նշուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ազգային տօնի 93-ամեակը:

Այս առիթով, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց Սէուտական Արաբիոյ արձանագրած նուաճումներուն եւ յառաջդիմութիւններուն մասին իր հպարտութիւնը:

Ան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ շրջանին ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ իրենք պատասխանատուութիւն կը բաժնեն պահպանելու համար Լիբանանը եւ յարգելու անոր ազգային գերիշխանութիւնը:

Պուխարի ընդգծեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ եւ կը սպառնայ ի գործ դրուած բոլոր ջանքերուն, որոնց նպատակն էր անմիջական եւ անխուսափելի բարեկարգումները իրականացնել:

Պուխարի շեշտեց, որ իրենք կը հաւատան, որ վճռական որոշումները ներքին լիբանանեան առումով կը տրուին եւ ոչ թէ արտաքին` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին լիբանանցիներուն, որոնք իրենց պատմական պատասխանատուութիւնը ստանձնելու կարողութիւնը ունին եւ ի վերջոյ պիտի կարենան համաձայնիլ` նախագահական ընտրութիւն կատարելու շուրջ:

«Սէուտական Արաբիա կոչ կ՛ուղղէ ամէնէն մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ բարեկարգումները գործադրելու: Վստահ ենք լիբանանցիներուն կամքէն եւ անոնց ձգտումներէն ու կը փափաքինք, որ Լիբանանը վերահաստատէ ինքզինք, վերագտնէ իր փայլքը եւ դերակատարութիւնը` շրջանին մէջ», եզրափակեց ան:

Նշենք, որ այս առիթով վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին եւ Մոհամետ պըն Սալման Ալ Սէուտ գահաժառանգ իշխանին:

Միքաթի անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ տիրող պատմական եւ եղբայրական խոր յարաբերութիւններուն, որոնք պէտք է ամրապնդուին` ապահովելու համար երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահերը:

Իր կարգին, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շնորհաւորական հեռագիրներ յղեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխանին` անոնց փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները եւ հաստատելով, որ Սէուտական Արաբիա կը մնայ արաբական երկիրներուն եւ իսլամներուն փառքն ու հպարտութիւնը:

Միւֆթի Տըրիան Սէուտական Արաբիոյ մաղթեց ապահովութիւն, կայունութիւն, բարգաւաճում եւ յառաջդիմութիւն:

«Լիբանան երբեք չի մոռնար Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը, որ մնայուն կերպով զօրակցական եղած է Լիբանանի նկատմամբ», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հարցը Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Վտանգ Է»

Յաջորդը

Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Կայացման Նպատակով Նոր Միջնո՞րդ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.