Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած վերջին յարձակումներուն, արցախցիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան եւ Արցախը հայաթափելու իմաստով Ազրպէյճանի գործած բոլոր այս արարքներուն մասին Լիբանանի նախկին նախագահներ, երեսփոխաններ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, մտաւորականներ, լրագրողներ եւ այլ անձնաւորութիւններ արձագանգեցին տարբեր միջոցներով` ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումներու ընդմէջէն, հաղորդագրութիւններով, ինչպէս նաեւ անձնական յօդուածներով:
Անոնք համատարած զօրակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդին` ընդգծելով, որ Արցախի հայաթափումը հայութեան դէմ գործուած այլ ցեղասպանութիւն մըն է:
Էլիաս Պու Սաապ. «Արցախի Հայութեան Դէմ Պատահածը Մարդկութեան Դէմ Գործուած Ոճիր Է»
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Արցախի հայութեան դէմ պատահածը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է, որուն գինը դարձեալ հայ ժողովուրդը կը վճարէ` աշխարհի որոշումները տուող երկիրներուն ահռելի լռութեան մթնոլորտին մէջ: Կարծէք այդ երկիրները հրաժարած են բարոյական արժէքներէ, արժանիքներէ եւ մարդկային իրաւունքները պաշտպանելէ` իրենց անձնական շահերուն փոխարէն: Ձեր խիղճերուն բացակայութեան համար պէտք է զգուշանաք պատմութեան վճիռէն»:
Ապպաս Տահեր. «Մենք Կը Զօրակցինք Հայ Ժողովուրդին Եւ Լիբանանահայութեան` Ընդդէմ Ազրպէյճանին, Հակառակ Անոր Որ Շիի Երկիր Է»
Տեղեկութիւններու շրջանային դիտարկումի կեդրոնի տնօրէն Ապպաս Տահեր «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Արցախի մէջ ինչ որ այսօր կը պատահի հայ ժողովուրդին հետ մեզի կը մտահոգէ եւ մտավախութիւն կը պատճառէ: Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութիւնը մեզի ցաւ կը պատճառէ, որովհետեւ մենք հայութեան հետ ունինք մտերիմ, ամուր, մարդկային եւ բարոյական յարաբերութիւններ:
Մենք ամէն իմաստով կը զօրակցինք հայ ժողովուրդին, որովհետեւ անիկա անիրաւուած ժողովուրդ է: Այս կեցուածքը նոր տեսակէտ մը չէ, այլ` 1915-էն ի վեր: Մենք կը զօրակցինք հայոց, ասորիներուն եւ այլոց, իսկ լիբանանեան հիւսուածքին մէջ անոնց պաշտպանութիւնը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ: Մենք այսօր կը զօրակցինք Հայաստանին, հայ ժողովուրդին, լիբանանահայութեան եւ անոնց եղբայրներուն ու քոյրերուն` ընդդէմ Ազրպէյճանին, հակառակ անոր որ շիի երկիր է:
Նման պարագաներու ազգային իմաստով չափանիշները չեն կրնար համայնքային եւ յարանուանական ըլլալ: Մենք պէտք է չափանիշները յստակ հասկնանք, այսինքն` լիբանանեան հասարակութիւնը բաղկացնող իւրայատուկ բոլոր տարրերը պէտք է պահպանուին»:
Ղովմի Կուսակցութիւն. «Թրքական Վարչակարգը Արցախի Մէջ Վտանգաւոր Դերակատարութիւն Կ՛ունենայ»
Ղովմի կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ինք շատ մտահոգ է, որ Արցախի դէպքերը կրնան պատճառ դառնալ ցեղային զտումի, որ կը թիրախաւորէ լիբանանցի ժողովուրդը:
Ղովմի կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց երկխօսութեամբ լուծելու տագնապները` հաստատելով, որ թրքական վարչակարգը Արցախի մէջ վտանգաւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ` գրգռելով կացութիւնը եւ նախապատրաստելով սադրանքները:
«Այդ ձեւով թրքական վարչակարգը կը բացայայտէ հայութեան դէմ իր գործած ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ պետութիւններ կը մղէ ցեղասպանութիւն գործելու եւ անոնց ճակտին զետեղել տալու մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն ամօթի կնիքը: Այս պատճառով է, որ խստիւ կը դատապարտենք թրքական այս դերակատարութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Ղովմի կուսակցութիւնը կոչ կ՛ուղղէ հաւաքական ցեղասպանութեան եւ ցեղային զտումի ոճիրներուն թակարդին մէջ չիյնալու` ընդգծելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ Արցախի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումը:
Ուատիհ Խազեն. «Միջազգային Լռութիւնը Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհին Անտարբերութիւնը Կը Քաջալերեն Նման Ոճիրներու Շարունակութիւնը»
Մարոնի համայնքի ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պաքուի կողմէ Կովկասի հայոց դէմ գործադրուած ցեղային զտումի եւ հաւաքական ցեղասպանութեան, անոնց դէմ ատելութիւն սերմանելու, զանոնք շրջափակելու եւ Արցախի հայութիւնը սովի մատնելու քաղաքականութիւնը խստիւ դատապարտելի է:
Խազեն զգուշացուց, որ միջազգային լռութիւնը եւ քրիստոնեայ աշխարհին անտարբերութիւնը կը քաջալերեն նման ոճիրներու շարունակութիւնը: Ան կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին անմիջական նիստ մը գումարելու, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութենէն եւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն պահանջեց կասեցնելու ոճիրը: Խազեն ընդգծեց, որ այս հարցը անյետաձգելի է եւ կարելի չէ սակարկութեան ենթարկել:
«Այս հարցը միայն հայկական հարց չէ, այլ նաեւ վերածուած է համաշխարհային տագնապի եւ իսլամ-քրիստոնեայ համերաշխութեան ուղղակի սպառնալիքի», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Խազեն ցաւակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին, որ տակաւին կանգուն կը մնայ Հայաստանի մէջ եւ որ սփռուած է Լիբանանի ու ամբողջ աշխարհի մէջ` հաստատելով, որ ժամանակը հասած է թաղելու ահաբեկչութիւնն ու ցեղապաշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի ճակատագիրին եւ ապահովութեան հետ խաղալու փորձերը:
Խազեն հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը հաւատարիմ կը մնայ իր պատգամին, կը հսկէ իր քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնայ իր միասնականութեան:
«Հայութիւնը պիտի չընկրկի ահաբեկչութեան դիմաց, այլ պիտի տոկայ ու մնայ ամուր` հակառակ բոլոր վտանգներուն եւ դժոխային ծրագիրներուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Իպրահիմ Մըրատ. «Կոչ Կ՛ուղղենք ՄԱԿ–ին Եւ Եւրոպական Միութեան Կասեցնելու Հայոց Դէմ Ազրպէյճանի Գործադրած Ցեղասպանութիւնը»
Ասորական համաշխարհային համադաշնակցութիւն կուսակցութեան նախագահ Իպրահիմ Մըրատ հաղորդագրութեան մը ընդմէջէն կոչ ուղղեց «ՄԱԿ-ին, Եւրոպական Միութեան եւ մարդկային իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւններուն գումարելու արտակարգ նիստ մը` կասեցնելու համար կրօնական եւ ցեղային զտումն ու հաւաքական ցեղասպանութիւնը, որ կը գործադրուի Ազրպէյճանի կողմէ` Կովկասի մեր հայ եղբայրներուն դէմ»:
Մըրատ հաստատեց, որ Ազրպէյճան հայոց դէմ ատելութիւն կը սերմանէ, ցեղապաշտութիւն կը կատարէ եւ կը շրջափակէ զանոնք ու անոնց եկեղեցիները Արցախի մէջ, զանոնք մղելով լքելու իրենց հայրենիքն ու պատմական հողերը:
Ան ընդգծեց, որ միջազգային լռութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ հայոց եւ այլ փոքր ժողովուրդներու դէմ նոր ցեղասպանութիւններ գործադրուին:
Մըրատ կոչ ուղղեց աշխարհի վրայ բոլոր ազատ ժողովուրդներուն ցոյցեր կազմակերպելու եւ իրենց երկիրները մղելու, որ քայլերու նախաձեռնեն եւ այդ ցեղասպանութիւնը կասեցնեն:
Քիւրտիստանի Ազգային Խորհուրդ. «Արցախի Մէջ Պատահածը Մարդկային Ողբերգութիւն Է»
Քիւրտիստանի ազգային խորհուրդի գործադիր մարմինը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արցախի մէջ պարզուած տեսարանները զիրենք կը յիշեցնեն Շինկալի եւ Աֆրինի պատկերները:
Խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Ազրպէյճանի գործած ոճիրները` հաստատելով, որ Արցախի մէջ պատահածը մարդկային ողբերգութիւն մըն է յաչս աշխարհին:
«108 տարի ետք հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ նոր աղէտ մը, հաւաքական նոր ցեղասպանութիւն մը եւ բռնի տեղահանութիւն, որ շարունակութիւնն է 1915-ին սկսած ցեղային զտման, եւ կը կատարուի ազրպէյճանական ու թրքական պետութիւններուն կողմէ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Ռոժէ Էտտէ. «Այս Ողբերգութիւնը Կարելի Էր Կանխարգիլել»
Սալամ կուսակցութեան նախագահ, իրաւաբան Ռոժէ Էտտէ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Այս ողբերգութիւնը կարելի էր կանխարգիլել, սակայն աշխարհի ղեկավարները իրենց հայեացքները շեղեցին` ձեւացնելով, որ այս ողբերգութեան պատճառ դարձած ազրպէյճանական բռնարարքները առկայ են:
Հայ ժողովուրդի ցեղային զտումի բոլոր փաստերը յստակ են ու բացայայտ: Ոչ ոք կրնայ յայտարարել, թէ այդ մասին անտեղեակ էր, կամ նման ողբերգութիւն անսպասելի էր»:
Նաժի Հայեք. «Մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու Պարագային Յայտնի Հարցի Մը Գծով Չափանիշները Կը Տարբերին»
Բժիշկ եւ քաղաքական գործիչ Նաժի Հայեք ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ազրպէյճանի նախագահին հետ եւ հաստատեց Արցախի մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու կարեւորութիւնը: Ան չըսաւ` զանոնք մի՛ վտարեր եւ անոնց հողերն ու բնակարանները մի՛ բռնագրաւեր: Պետութիւններուն, մանաւանդ` Միացեալ Նահանգներու պարագային յայտնի հարցի մը գծով չափանիշները կը տարբերին»:
Տաւիտ Իսա. «Ոճրային Պատմութիւնը Ինքզինք Կը Կրկնէ»
Քաղաքագէտ Տաւիտ Իսա ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը.
«Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք ճիշդ էր, երբ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին յայտարարեց ըսելով. «Շատ մը մարդիկ իսկապէս կը զգան, թէ ՄԱԿ-ի սիրտը բնականոն կերպով չի բաբախեր»: Հաւանաբար ան ըսել կ՛ուզէր, թէ ՄԱԿ-ի սիրտը օր մը օրանց բնականոն կերպով չէ բաբախած, այլ` կողմնակալութեամբ բաբախած է: Կողմնակալութիւն` ի նպաստ անիրաւ հզօրին, ընդդէմ` տկարին, որ իսկական իրաւատէրն է: Ոճրային պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: 2023-ին կատարուած ցեղային զտում մը, մինչեւ վերջին հայուն Արցախէն մեկնումը` ազատ աշխարհին, կամ այսպէս կոչուած միջազգային ընտանիքին եւ մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւններուն աչքերուն դիմաց: Լիբանանի մէջ այս կացութենէն դասեր քաղողներ կա՞ն»:
Մար Շարպելի Դիմատետրեան Էջ. «Պատահածը Ամբողջ Ժողովուրդի Մը Իր Պատմական Հողերէն Տեղահանում Է Եւ Ցեղասպանութիւն»
Մար Շարպելի դիմատետրեան էջին մէջ զետեղուեցաւ հետեւեալ գրառումը.
«Կատարեալ զօրակցութիւն Ղարաբաղի մէջ ապրող Արցախի հայութեան, որ իր պատմական հողին վրայ պայքարեցաւ ազրպէյճանական ընդարձակ յարձակումներուն դէմ:
Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած նոր ցեղասպանութիւն մը, որ դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր կը սպառնայ Արցախի մէջ բնակող աւելի քան 120.000 հայու, մինչ միջազգային լռութիւն կը տիրէ, եւ միջազգային կազմակերպութիւններ ձեռնածալ կը մնան` ամբողջ ժողովուրդի մը դէմ սպառնացող ոճիրներուն դիմաց: Ժողովուրդ մը, որ խաղաղասէր է եւ կառչած կը մնայ պապենական իր հողին:
Պատահածը շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ անիկա ցեղային զտում է, եւ ամբողջ ժողովուրդի մը իր պատմական հողերէն տեղահանում, հայաթափում, բռնագաղթ եւ նոր ցեղասպանութիւն, որ կը կատարուի յաչս աշխարհի լռութեան, ինչպէս նաեւ այն երկիրներուն, որոնք իրենք զիրենք մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կը յորջորջեն` մնալով ամէնէն աւելի ոճրագործները:
Ողջոյն եւ ի սրտէ աղօթքներ հայ ժողովուրդին: Մի՛շտ ձեզի հետ ենք»:
(Շար. 2 եւ վերջ)