ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.750 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրին` ներկայութեամբ Մաժտել Այնճարի քաղաքապետ Սայիտ Եասինի եւ Սաատնայելի փոխքաղաքապետ Մարուան Թարպուլսիի, որոնց հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու երկու շրջաններուն վերաբերող շարք մը կարիքներ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձերը պատրաստ են եւ ապահովուած` մինչեւ տարեվերջ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա յայտնեց, որ իրենք կը վստահին Քաթարի արտակարգ դերակատարութեան վրայ` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին պարագային դրական բեկում մը արձանագրելու նպատակով:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց Լիբանանի մէջ Չիլիի դեսպան Մորիսիօ Պիլապոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ լուրջ մօտեցում կը գտնէ` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերեալ` աւելցնելով, որ կատարուածը ծրագիրներու շուրջ բանակցութիւններ են: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի ելեւմտական եւ տնտեսական ազգային փրկութեան տեսլականի մը` փրկելու համար երկիրը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապին լուծումը կարելի պիտի չըլլայ, եթէ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը իրենց առաջադրած թեկնածուէն` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէէն չհրաժարին: Ան նկատել տուաւ, որ ըստ երեւոյթին տիրող տագնապը երկարատեւ է: Միւս կողմէ, կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանցիները չեն կրնար Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի մը սպասել` սուրիացիներու տունդարձին սկսելու համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ իտալական դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Մարքօ Զոնան, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը սահմանային Կապոյտ գիծին շրջակայքը իրականացուցած են հսկողութիւն` սկսելով Ատայսէի բարձունքներէն, հասնելով մինչեւ Ղաժար, Ուազզանի, Այն Արապ: ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը նաեւ ուղղաթիռով հսկած են սահմանային շրջաններուն եւ վերադարձած Նաքուրա:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ ձերբակալեց սուրիացի վարորդ մը, որ «Հիունտայ» տիպի սպիտակ փոխադրակառքով մը Աքքարէն Պէյրութ կը փոխադրէր 15 այլ սուրիացիներ, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած էին Լիբանան: 15 սուրիացիներուն մէջ կային նաեւ չորս անչափահաս աղջիկներ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է բացառիկ լուծումներ որդեգրէ` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու նպատակով: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը պէտք է յանդգնութիւն ունենայ կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու համար յստակ օրէնքներ մշակելու: