Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԿՆՈՋ եւ մանկան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին Միշիկընի մէջ Ամալ շարժումի հիմնադրութեան նուիրուած տօնակատարութեան ընթացքին ներկայացուց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: Իզզէտտին հաստատեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ տարակարծութիւն ստեղծող հարցերուն մասին երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` իբրեւ նախապայման Լիբանանի պետութեան հիմնադրութեան:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կը զօրակցի ի գործ դրուող բոլոր ջանքերուն, որոնք կ՛երաշխաւորեն Եմէնի մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, երեսփոխան Նիքոլա Պէյը, որ հաստատեց, որ Լիբանանի եւ շրջանի քրիստոնեաները շրջանին բնակիչներն են, որոնց արմատները կը գտնուին այս շրջանի հողին մէջ: Պէյ շեշտեց, որ Եւրոպա եւ Ֆրանսա պէտք է զօրակցին Լիբանանի կայունութեան` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը Լիբանանի դէմ գոյութենական վտանգ կը սպառնայ, ինչպէս նաեւ կը նկատուի Եւրոպային սպառնացող ապակայունութեան ազդակ մը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց կասեցնելու նախագահական ընտրութեան առումով արձանագրուած յապաղումը` կասեցնելու համար երկրին յաւելեալ քանդումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ մօտիկ ապագային ինք Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը կարելի չի գտներ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ սահմանամերձ շրջանին վրայ թշնամիին կողմէ հրահրուած գրգռութիւնները ցոյց կու տան, թէ Լիբանան ինչպիսի՛ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի եւ երկիրը կը մնայ իրար անցած վիճակի մէջ:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ այն պետութիւնը, որ ինքզինք պաշտպանելու  ուժ չունի` չի կրնար գերիշխան դառնալ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ Լիբանանին հանրապետութեան նախագահ պարտադրել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութիւնը Լիբանանի մէջ բռնագրաւումի վերածուած է` միջազգային կազմակերպութիւններուն հովանաւորութեամբ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որմէ թշնամի Իսրայէլ կը սարսափի, եւ նախագահի մը, որ ամերիկեան ճնշումներուն չ՛ենթարկուիր:

 

Նախորդը

Մեր Զաւակները Մեր Դպրոցներուն Մէջ Պէտք Է Գտնեն Ազգային Ուղիղ Ճամբան

Յաջորդը

Զօր. Աուն. «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հարցը Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Վտանգ Է»

RelatedPosts

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին.  Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր  Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին. Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել

November 13, 2026
Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը`  Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ  Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ  Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան  Նոր Փուլի Մը»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պիլալ Էրտողանը` Աուն. «Լիբանան Անհամբեր Կը Սպասէ Թուրք-Լիբանանեան Յարաբերութիւններուն Մէջ Գործակցութեան Ու Գործընկերութեան Նոր Փուլի Մը»

November 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.