Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հարցը Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Վտանգ Է»

September 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին այցելեց Հերմելի լեռնային շրջաններ, ուր բացումը կատարեց շարք մը ճամբաներու ցանցի մը, որ կ՛ընդգրկէ Ուատի Ֆիսան, Մրահ Շաապ, Քանաֆեզ եւ Հարֆ Սըմմեքա փողոցները:

Զօր. Աունի ընկերակցեցաւ նաեւ Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր:

Զօր. Աուն իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն գոյութեան սպառնացող վտանգ է, եւ պէտք է այդ թղթածրարին լուծումը ապահովուի` բոլոր հաստատութիւններու եւ միութիւններու մակարդակին վրայ:

«Լիբանանեան բանակը հեռու է ցեղապաշտական մօտեցումներէն եւ ան մարդկային իրաւունքները առաջնահերթ կը նկատէ, սակայն այդ իրաւունքները գտնուած են պահպանելու համար մարդ արարածին արժանապատուութիւնը եւ ոչ թէ քանդելու համար հասարակութիւնը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն անդրադարձաւ նաեւ կարգ մը շշուկներու, որոնք կ՛ակնարկեն սահմաններուն հսկելու իմաստով լիբանանեան բանակի սահմանափակ կարողութիւններուն, եւ հաստատեց, որ նման շշուկներ տարածողները ոչինչ կատարած են սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման մէջ ներդրում ունենալու:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ բանակը պիտի շարունակէ իր զոհողութիւնները` պաշտպանելու համար Լիբանանը:

Սահմանային Խախտում`
Պասթրայի Մէջ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ շաբաթ, 23 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-12-00-ին, իսրայէլեան ուժեր Պասթրայի շրջանին մէջ խախտած են սահմանագիծը եւ լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատի մը վրայ ծխային եւ ձայնային ռումբեր նետած են:

«Լիբանանեան բանակը պատասխանած է այս արարքին եւ իր կարգին արցունքաբեր կազեր արձակած թշնամի ուժերուն դէմ` ստիպելով զանոնք հեռանալ լիբանանեան հողերէն դէպի բռնագրաւուած պաղեստինեան հողեր», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Իր կարգին, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի անդրադառնալով միջադէպին հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը գետնի վրայ հակակշիռի տակ առած է կացութիւնը, մեղմացուցած լարուածութիւնը եւ փորձած կանխարգիլել թիւրիմացութիւնը:

Շեքքայի Մէջ

Նշենք, որ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը շաբաթ, 23 սեպտեմբեր 2023-ին, Շեքքայի հանդիպակաց ծովուն մէջ կրցաւ փրկել 27 քաղաքայիններ, որոնք ապօրինի կերպով կը փորձէին փախուստ տալ Լիբանանէն եւ որոնց նաւը ծովամոյն դառնալու ենթակայ էր:

Բանակի հրամանատարութիւնը զգուշացուց ապօրինի գաղթականութեան այս երեւոյթէն` հաստատելով, որ բանակի զօրամասերը միշտ կը դիմեն միջոցառումներու` կանխարգիլելու համար տիրող խախտումները:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պուխարի. «Մենք Կը Վստահինք Լիբանանցիներուն, Որոնք Իրենց Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ստանձնելու Կարողութիւնը Ունին»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.