Ազգային Ազատ Հոսանքը Կը Դատապարտէ Արցախահայութեան Դէմ Գործուած Յարձակումը
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը «Էքս» հարթակի իր հաշիւին ընդմէջէն տեղադրած է Արցախի եւ արցախահայութեան վերաբերող հետեւեալ գրառումը. «Արցախի բնակիչները համայն աշխարհին աչքերուն եւ ականջներուն դիմաց կ՛ենթարկուին մահուան վտանգի ու բռնագաղթի` կազմակերպուած բանակի մը ձեռամբ, իսկ աշխարհը կը մնայ լուռ: Արցախցիները շրջափակելէ եւ զանոնք սովի մատնելէ ետք, ազրպէյճանական բանակը վայրագ յարձակում մը սանձազերծեց Արցախի մնացորդին վրայ` վերջ տալով անոր դիմադրութեան: Արցախի...




















