Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բախումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Սերտ Ճիգեր` Շրջանային Ընդհանուր Պատերազմի Մղձաւանջը Վանելու Առնչութեամբ

November 3, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հարաւային շրջանները, յատկապէս սահմանամերձ աւանները երէկ գլխաւոր թիրախ դարձան Իսրայէլի կողմէ սանձազերծուած յարձակումներուն, որոնց  նորագոյն զոհերը եղան հարաւի «Կապոյտ գիծ»-ի մերձակայ Ուազզանի շրջանի երկու հովիւներ: Բախումներու սաստկացման տարողութիւնը ապահովական պատգամ մըն է, զոր Իսրայէլ կ՛արձակէ միաժամանակ լիբանանցիներուն եւ պաղեստինցիներուն ուղղութեամբ, յատկապէս որ պաղեստինեան «Քասսամի ջոկատներ» զինեալ խմբաւորումը ստանձնեց հարաւային Լիբանանէն դէպի Իսրայէլ արձակուած հարուածներու պատասխանատուութիւնը: Նմանապէս, անիկա պատասխան «պատգամ» է լրատուական այն տեղեկութեանց, ըստ որոնց Հըզպալլա Իսրայէլը ազդարարած է մինչեւ հինգշաբթի գիշեր (երէկ` 2 նոյեմբեր) դադրեցնելու Կազայի եւ Լիբանանի դէմ իր յարձակումները` սպառնալով այլապէս ընդհանուր զօրակոչ յայտարարել Իսրայէլի դէմ:  Այս մասին «պատասխանած» էր նաեւ իսրայէլացի զինուորական հրամանատարը իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` «մենք պատրաստ ենք» ըսելով: Աւելի՛ն, ըստ իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահիի, անցնող շաբաթներուն իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին մօտ բախումներ ունեցած է իրանեան «Իմամ Հիւսէյնի ջոկատներ» խմբաւորումի զինեալներուն հետ:

Բախումներու սաստկացումը նաեւ զօրաշարժի մատնեց լիբանանեան ղեկավար մարմինները` սկսելով վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիէն մինչեւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը եւ տնտեսութեան ու ներքին գործոց նախարարներու պաշտօնակատարներ Ամին Սալամը եւ Պասսամ Մաուլաուին: Այս իմաստով, վարչապետ Միքաթի իր գրասենեակին մէջ երէկ ընդունեց ՄԱԿ-ի գործունէութեան յատուկ համակարգող Եոաննա Վրոնեցքան:

Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան գրոհները եւ անոնց հետեւանքները: ՄԱԿ-ի դիւանագէտը այս առիթով փոխանցեց, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ընթացիկ 22 նոյեմբերին (Լիբանանի անկախութեան օրը) արտակարգ նիստով մը պիտի քննարկէ Լիբանանի իրավիճակը, յատկապէս` իսրայէլեան յարձակումներու հետեւանքներն ու խաղաղութեան կարելիութիւնները: Վրոնեցքա նաեւ աւետեց, թէ այս առիթով պիտի արծարծուի նաեւ Լիբանանի նիւթապէս օժանդակութեան կարելիութիւնը:

Վրոնեցքա իր շփումներու ծիրին մէջ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` նոյն մտահոգութեամբ եւ օժանդակութեան համապատասխան առաջադրանքով:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ շարունակեց իր շփումները օտար դիւանագէտներու հետ` շեշտելով, որ Լիբանան ոչ միայն կրակմարի եւ բախումներու դադրեցման, այլ նաեւ տագնապին ընդհանուր լուծում գտնելու կոչ կ՛ուղղէ: Լիբանանցի նախարարը օտար դիւանագէտներուն թելադրեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ` դադրեցնելու բախումները եւ ընդառաջելու խաղաղարար լուծման ճիգերուն:

Նմանապէս, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ շրջապտոյտի ձեռնարկեց Նապաթիէի եւ հարաւային Լիբանանի նահանգներուն մէջ: Ան ընդգծեց,  որ իր այս այցելութիւնը վախէ աւելի կը միտի հանդարտեցնել քաղաքացիները, որպէսզի խուճապի չմատնուին: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան պատկան մարմիններ ճիգ չեն խնայեր Լիբանանը զերծ պահելու բռնկած բախումներէն:

Նոյն ծիրին մէջ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ երէկ շրջեցաւ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ եւ մօտէն հետեւեցաւ տնտեսական տարրական ապրանքներու, յատկապէս` ալիւրի եւ յարակից սպառողական նիւթերու բաւարարութեան` թելադրելով խուսափիլ զանոնք ամբարելէ: Սալամ նաեւ յայտնեց, որ ճիգերը կեդրոնացած են նաւահանգիստին մէջ կուտակուած նիւթերու բաշխումին եւ սպառումին վրայ` զանոնք առողջապահական պայմաններու մէջ սպառողին փոխանցելու առաջադրանքով:

Սպասելով Սէյիտ Նասրալլայի Խօսքին Հարցադրումներ`
Ներքին Կացութեան Գծով

Լիբանանեան, ինչպէս նաեւ արտաքին շրջանակներ կը սպասեն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի պատգամին: Ան այսօր, ուրբաթ կէսօրէ ետք խօսք առնելով պիտի անդրադառնայ Կազայի դէպքերուն եւ անոնց լիբանանեան ճակատին վրայ ունեցած արձագանգներուն եւ հետեւանքներուն:

Այս ծիրին մէջ եւ բախումներու սաստկացման լոյսին տակ լիբանանեան քաղաքական հարթակի առանց այդ ալ տիրական տեսակէտներու բեւեռացումները հետզհետէ շեշտակի կը դառնան: Արդարեւ, լիբանանցի կարգ մը կողմերու պատասխանատուներ եւ ընդդիմադիրներ կը շեշտեն Լիբանանը «Յուլիս 2006»-ի ապահովական հետեւանքներու կրկնութենէն զերծ պահելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Պլինքըն Այսօր Մէկ Ամսուան Մէջ Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Կ՛այցելէ Իսրայէլ

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Յայտարարած Է Հայաստանի Մէջ Լիարժէք Գործառնական Կարողութեան Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.