Երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին, իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին Տհայրայի եւ Թայրհարֆայի միջեւ գտնուող հովիտը, ինչպէս նաեւ Նաքուրայի եւ Ալմա Շաապի շրջանները:
Ռմբակոծումներուն ընթացքին իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ:
Մէկուկէս ժամ ետք, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Ռամիա, Այթա Շաապ եւ Քաուզահ գիւղաքաղաքի բացատներն ու Հըզպալլայի յատուկ զինուորական ենթակառոյցներ, միաժամանակ հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործելով Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Մազարեհ Շեպաայի վերեւ:
Շուրջ կէս ժամ ետք Թայր Հարֆայի քաղաքապետութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան ուժերը թիրախ դարձուցած են գիւղաքաղաքին արեւային վահանակները` ընդգծելով, որ անիկա գիւղաքաղաքին համար կենսական միակ ծրագիրն էր, որ յաջողուած էր իրագործել գիւղաքաղաքին երիտասարդ ուժին եւ արտերկրի լիբանանցիներուն աջակցութեամբ: «Անիկա միակ ծրագիրն էր, որ տնտեսական ծանր տագնապին ընթացքին յոյս կը ներշնչէր քաղաքացիներուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ կէսօրուան ժամը 12:20-ին հրթիռակոծած է Ռըմէյշի հանդիպակաց Միթաթ զինուորական կեդրոնը, ուր կը գտնուէր իսրայէլացի զինուորներու կուտակում մը: Հըզպալլա կ՛ընդգծէ, թէ հաստատ մարդկային վնասներ արձանագրուած են:
Իսրայէլեան ուժեր շարունակեցին հրթիռակոծել հարաւային Լիբանանը: Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին անոնք ռմբակոծեցին Պըրքեթ Ռիշան եւ Ռաս Նաքուրան, ինչպէս նաեւ Այթա Շաապը:
Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին լիբանանեան հողերէն հրթիռներ թիրախ դարձուցին Ժապալ Շէյխի բարձունքներուն վրայ գտնուող իսրայէլեան ուժերուն ռատարի կեդրոնը: Այս ռմբակոծումին իբրեւ պատասխան, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Քֆարշուպայի բարձունքները:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Մազարեհ Շեպաայի, Քֆարշուպայի բարձունքներուն, Հասպայայի, Արքուպի եւ Ժապալ Շէյխի գիւղաքաղաքներուն վերեւ` հասնելով մինչեւ Արեւմտեան Պեքաա եւ Իքլիմ Թուֆֆահ:
Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը
Հանդիպումներ Ունեցաւ Պըրրիի Եւ Միքաթիի Հետ
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիեն Լըքորնիւ երէկ այցելեց Լիբանան:
Այն Թինէի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուած ապահովական մագլցումները:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Լըքորնիւ մեկնեցաւ, առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լըքորնիւն` ներկայութեամբ Մակրոյի եւ Միքաթիի խորհրդական դեսպան Պութրոս Ասաքերի:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը եւ համակարգումը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմանային Կապոյտ գիծին կայունութիւնը վերահաստատելու կարեւորութիւնը:
Լըքորնիւ ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ բոլոր կողմերը պէտք է իմաստուն կերպով գործեն, առանց մագլցումներ հրահրելու եւ կացութիւնը վատթարացնելու:
Լըքորնիւ շեշտեց Կազայի մէջ գտնուող պատանդներուն թղթածրարը լուծելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Պաղեստինեան դատին վերջնական լուծում մը պէտք է տրուի:
Լըքորնիւ Միքաթիին յայտնեց, որ Ֆրանսա որոշած է լիբանանեան բանակին անմիջական օժանդակութիւններ տրամադրել` նշելով, որ այդ օժանդակութիւնները կ՛ընդգրկեն բժշկական սարքեր եւ դեղորայք:
Նշենք, որ արաբական երկիրներ ծրագրած իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ, Միքաթի մեկնեցաւ Յորդանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ:
Քննարկուեցան Լիբանանի ու Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը եւ իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու նպատակով ի գործ դրուող միջազգային եւ արաբական դիւանագիտական աշխատանքները:
Պու Հապիպ – Շիա Հանդիպում
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ բոլորէն աւելի կարողութիւն ունին Իսրայէլը խելքի բերելու եւ մղելու, որ բանակցութիւններ կատարուին` Պաղեստինեան հարցին արդար եւ ամբողջական լուծում մը ապահովելու:


