Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Նոյեմբեր 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ուժերուն կատարած յարձակումներն ու անոնց գործած ահաբեկչութիւնները` քաղաքացիներու, երեխաներու եւ կիներու դէմ:

Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ ցաւ յայտնեց օր մը առաջ Այնաթայի ճամբուն վրայ իսրայէլեան ռմբակոծումի մը պատճառով սպաննուած երեք պատանիներուն եւ անոնց մեծ մօր, ինչպէս նաեւ անոնց մօր վիրաւորուելուն համար:

Ան անդրադարձաւ նաեւ Թայր Հարֆայի մէջ իսրայէլեան ուժերուն ռմբակոծած իսլամական «Ռիսալա» սկաուտական շարժումին պատկանող հիւանդատար մեքենային եւ անոր վիրաւորուած անձնակազմին` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ գործուած իսրայէլեան այս բռնարարքները կը յաջորդեն Կազայի մէջ թշնամի Իսրայէլի գործած ջարդերուն եւ պատերազմական ոճիրներուն:

Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ հարաւի մէջ գործուած այս բռնարարքները պատերազմը ընդարձակելու պատասխանատուութիւնը թշնամի Իսրայէլին կը վերագրեն:

Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ երկրորդ պատգամը ուղղուած է միջազգային ընտանիքին, որ կ՛արգելակէ Կազայի մէջ զինադուլի հաստատումը: «Կազայի մէջ զինադուլը խոչընդոտելու արարքին զօրակցող իւրաքանչիւր պետութիւն մեղսակից է Իսրայէլի գործած բռնարարքներուն եւ սպանդներուն` Լիբանանի թէ Կազայի մէջ», ըսաւ ան:

Պու Սաապ ընդգծեց նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ հարաւային սահմանագիծին վրայ մագլցումները զսպելու անոր ի գործ դրած ջանքերը: «Սակայն եթէ պատերազմ բռնկի, ապա արդէն իսկ յստակ է բոլորին համար, թէ ո՛վ է յարձակում սանձազերծողը, եւ այդ պարագային պէտք է լիբանանեան ազգային միասնականութիւն ձեւաւորուի` դիմադրելու համար թշնամի Իսրայէլին», յայտնեց ան:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Միքաթի Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորէն Ստացաւ Հրաւէր Մը` Ներկայ Գտնուելու Ռիատի Արտակարգ Վեհաժողովին

Յաջորդը

Այնաթայի Սպանդը Տեղական Առումով Հսկայ Աղմուկ Բարձրացուց

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?