ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի համաժողովին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն ու անոր դերակատարութիւնը պէտք է ամրապնդել եւ անոր կողքին կանգնիլ: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան պէտք չէ սպառնալ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը անձնատուր պիտի չըլլայ խոչընդոտներու դիմաց: Ան շեշտեց, որ խորհրդարանը կարեւոր դերակատարութիւն ունի` ամավարկին մէջ գործադիր իշխանութեան արձանագրած զարտուղի մօտեցումները ուղղելու առումով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Կազայի մէջ Դիմադրութիւնը հզօր է եւ կարող` աւելցնելով, որ Իսրայէլի կողմէ բանեցուած ամբողջ ճնշումը ապարդիւն պիտի ըլլայ եւ պարտութեան պիտի չկարենայ մատնել պաղեստինցիները:


