Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մակրօ Այցելեց Ժեմայէլի Եւ Շէյխ Ապի Մունայի

November 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ երէկ այցելեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Մակրոյի տուած ծանօթացման արարողակարգային այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Կազայի դէպքերուն հետեւանքները Լիբանանի վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ Մակրօ յայտնեց, որ Ֆրանսա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ վերջ տալու համար պատերազմին եւ մարդկային վնասներուն, ինչպէս նաեւ կը ջանայ Լիբանանը զերծ պահել պատերազմին մէջ ներքաշուելու կարելիութենէն:

Մակրօ ընդգծեց, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ Լիբանանի զօրակցութեան` քաղաքական, ընկերային եւ բարգաւաճման առումներով:

Իր կարգին, Ժեմայէլ ցաւ յայտնեց Կազայի մէջ տիրող կացութեան եւ արձանագրուած հազարաւոր զոհերուն համար: Ան կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան շարժելու այս մութ գիշերուան ընթացքին, որուն տեւողութիւնը շատ երկար է:

Ժեմայէլ նշեց, որ ինք վստահութիւն ունի պարտութեան դէմ պայքարող լիբանանցիին նկատմամբ, ինչպէս պայքարած է իր պատմութեան ընթացքին եւ յառնած մոխիրներուն մէջէն:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան պաշտպանելու Լիբանանը` շրջանային զարգացումներուն վտանգներէն, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ կարելի ըլլայ հաստատել միջազգային հեղինակութիւն մը, որ ճնշում կը բանեցնէ` վերակառուցելու համար պետական հաստատութիւնները, սկսեալ` հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն եւ հասնելով մինչեւ այն մարզերն ու հաստատութիւնները, որոնք անիշխանութեան մատնուած են:

Մակրօ այցելեց նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի եւ Պաղեստինեան հողերուն վրայ արձանագրուած ապահովական զարգացումները:

Մակրօ շէյխ Ապի Մունային ներկայացուց Ֆրանսայի կեցուածքը Կազայի մէջ տիրող կացութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բեմը յուզող հարցերուն վերաբերեալ:

Ապի Մունա ընդգծեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները պահպանելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս Ֆրանսան, Եւրոպան եւ Արեւմուտքը կրնան զօրակցիլ Իսրայէլին` Կազայի եւ պաղեստինցիներուն դէմ անոնց մղած պատերազմին առումով: «Պատերազմ մը, որուն ընթացքին Իսրայէլ կ՛օգտագործէ միջազգային օրէնքով արգիլուած զինամթերք` խախտելով մարդկային իրաւունքի եւ միջազգային կանոններու ամէն տեսակի ուխտ», ըսաւ շէյխ Ապի Մունա:

Ան շեշտեց, որ իրենց ակնկալութիւնն է, որ Արեւմուտքը ըլլայ արդար եւ աշխատի կասեցնելու այս պատերազմը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատէ:

Ապի Մունա բարձր գնահատեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կեցուածքները, ինչպէս նաեւ անոր կոչը` անմիջապէս զինադուլ յայտարարելու եւ առիթ տալու, որ մարդասիրական օժանդակութիւնները մուտք գործեն Կազայի աղէտահար շրջաններ:

 

Նախորդը

Քարամէ Կ՛ողջունէ Կութիերեսի Կեցուածքը

Յաջորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Պու Հապիպէն Իմացաւ Սուրիա Կատարած Անոր Այցելութեան Արդիւնքները

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.