Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը` Համեմատաբար Հանգիստ Վիճակի Մէջ

Նոյեմբեր 2, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանային Կապոյտ գիծին սահմանամերձ գիւղաքաղաքներուն մէջ` Նաքուրայէն մինչեւ Ռամիա գիւղաքաղաք, Իսրայէլի կողմէ նախանցեալ գիշերուան բուռն ռմբակոծումներէն ետք, երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ կէսօրէ ետք զգուշաւոր լռութիւն տիրեց:

Ուշ գիշերին իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած էր Եաթեր գիւղաքաղաքի շրջակայքը, ուր արձանագրուած էին վիրաւորներ` քաղաքայիններու շարքերուն մէջ:

Վիրաւորները փոխադրուած էին Թըպնինի կառավարական հիւանդանոցը, մինչ իսրայէլեան ուժեր կը շարունակէին լուսաւորող ռումբերու արձակումը:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Եաթերի մէջ վիրաւորուած 16-ամեայ պատանի Հիւսէյն Քորանի մահացած է:

Միւս կողմէ, սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը բռնկած հրդեհները վտանգ սպառնացին Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն եւ հրշէջներուն, նկատի ունենալով այդ շրջաններուն մէջ մեծ քանակով տարանջատուուղ ռումբերու գոյութիւնը:

Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան վար առած են Լիբանանէն արձակուած հակաօդային հրթիռ մը, որ փորձած էր ջախջախել իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը:

Ատրահի շեշտեց, որ անօդաչու թռչող սարքը ռմբակոծած է այն դիրքը, որմէ արձակուած է հակաօդային հրթիռը:

Իսրայէլեան ուժեր երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:13-ին յայտնեցին, որ Լիբանանէն արձակուած է հակահրասայլային հրթիռ մը` Գալիլիոյ Ռամիմ լեռնաշղթային ուղղութեամբ: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ իսրայէլեան ուժերը այդ արարքը փոխադարձած են հրետակոծելով Դիմադրութեան տուեալ խմբաւորումը, ինչպէս նաեւ ռմբակոծած են Հըզպալլայի պատկանող այլ խմբաւորում մը, որ կը պատրաստուէր հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձնել Զըրհիթ շրջանին մէջ գտնուող զրահապատները:

Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին Այթա Շաապ եւ Ռամիա գիւղաքաղաքները:

Դիմադրութիւնը իր կարգին կէսօրէ ետք ժամը 2:15-ին յայտնեց, որ Այթարունի եւ Պլիտայի հանդիպակաց Մալիքիէ եւ Պայատ իսրայէլեան զինուորական դիրքերը ռմբակոծած է:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ ի պատասխան այս ռմբակոծումին, իսրայէլեան հրետանին ֆոսֆորային եւ տարանջատուուղ ռումբերով թիրախ դարձուցած է Պլիտա եւ Այթարուն գիւղաքաղաքները:

Նշենք, որ Հըզպալլա նախանցեալ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ 8 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր ռմբակոծած են իսրայէլեան 105 դիրքեր, ինչպէս նաեւ քանդած են գաղտնի սպասարկութեան եւ գաղտնի լսումի սարքեր, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներ եւ տեսախցիկներ, ինչպէս նաեւ 33 ռատարներ:

Ըստ հաղորդագրութեան, սպաննուած եւ վիրաւորուած իսրայէլացի զինուորներուն թիւը 120 է, ինչպէս նաեւ քանդուած են` իսրայէլեան 13 զրահապատ, 2 «Համըր» տիպի փոխադրակառք, 9 հրասայլ եւ անօդաչու թռչող սարք մը:

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին Միքաթի Շեշտեց
Խաղաղութեան Զօրակցելու Լիբանանի Ընտրանքը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական դատարկութեան փուլին առաջին տարին ամբողջացած է, եւ այդ փուլը թեւակոխած է երկրորդ տարին:

«Նախագահական դատարկութեան փուլը ժխտական լուրջ ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկրին վրայ` նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած խորհրդանշականութիւնն ու անոր հիմնական դերակատարութիւնը: Կոչ կ՛ուղղենք եւ կը պահանջենք անյապաղ կատարել սահմանադրական այս գործընթացը` հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, դժուարութիւններուն եւ երկրին վկայած տագնապներուն», ըսաւ ան:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այս զգայուն եւ արտակարգ պայմաններուն ընթացքին ազգային պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ եւ այդ իրականութենէն մեկնելով իր անդամ բոլոր նախարարները կը հրաւիրէ ներկայ գտնուելու նախարարաց խորհուրդի նիստերուն եւ պատասխանատուութիւնը կիսելուն:

«Կոչ կ՛ուղղենք անոնց մասնակցելու կառավարութեան աշխատանքներուն եւ գերզգայուն այս պայմաններուն ընթացքին օժանդակելու մեր աշխատանքներուն` քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, ընկերային եւ առողջապահական մարզերուն մէջ», ըսաւ ան:

Միքաթի աւելցուց, որ եթէ երկրին կացութիւնը պիտի բաղդատենք այսօրուան եւ անցեալ տարուան, պէտք է ըսել, որ կացութիւնը, յատկապէս տնտեսականը, ներկայիս շատ աւելի լաւ է, հակառակ մեր դէմ ընթացող ամէն տեսակի արշաւներուն: «Այս իրավիճակը կը պարտինք այն նախարարներուն, որոնք կը գործեն` պահպանելու համար երկրին պետականութիւնն ու պետական հաստատութիւնները», յայտնեց ան:

Միքաթի շեշտեց, որ տագնապներու եւ աղէտներու խորհուրդը մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ իր պարտականութեան շրջագիծին մէջ, այս իմաստով կարելի եղաւ հաւաքական աշխատանքի լաւ օրինակով մը ներկայանալ` շտապ որեւէ կացութիւն դիմագրաւելու համար:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանան կը գտնուի ընթացող դիւանագիտական բոլոր հաղորդակցութիւններուն մէջ եւ կը ջանայ զինադուլ իրականացնել` Իսրայէլի հետ բախումները կասեցնելու առումով:

«Բաւ են պատերազմները. Լիբանան կը զօրակցի խաղաղութեան ընտրանքին: Իսկ պատերազմի որոշումը այսօր` կը գտնուի Իսրայէլի մօտ», հաստատեց ան:

Միքաթի նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բռնարարքները, որոնք կը պատճառեն նահատակներ եւ նիւթական հսկայական վնասներ, լայն խորագիրներ են, որոնք զետեղուած են միջազգային հասարակութեան տրամադրութեան տակ, հասարակութիւն մը, որ իրաւունքին նկատմամբ լուռ կը մնայ:

Ան նշեց, որ Կազայի մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող իսրայէլեան ոճիրները մարդկութեան ճակտին ամօթի կնիք են, ինչպէս նաեւ միջազգային արդարութեան սկզբունքներու եւ արժէքներու քանդում կը նկատուին:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ Լիբանանի առկայ կառավարութիւնը իր սահմանադրական գործունէութիւնը կը կատարէ եւ կը հսկէ, որ Լիբանան միջազգային ամպիոններէն իր ձայնը լսելի դարձնէ: Ան նշեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի շարունակէ արաբական իր շրջապտոյտը:

«Լիբանանի գոյացութեան սպառնացող վտանգներով շրջապատուած ենք. մեր պարտականութիւնն է հանդիպիլ, խօսակցիլ, մտածել եւ յանգիլ ազգային ամբողջական լուծման», եզրափակեց ան:

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Պէտք Չէ Ճիգ Խնայել`
Լիբանանը Պատերազմէն Զերծ Կացուցելու Համար»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները:

Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ պէտք չէ ճիգ խնայել` Լիբանանը պատերազմէն զերծ կացուցելու համար:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն յանձնառու մնալու իսրայէլեան որեւէ յարձակումի դէմ Լիբանանի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին:

Կուսակցութիւնը ընդգծեց, որ Իսրայէլ չի կրնար յաղթել Լիբանանին` աւելցնելով, որ անոր վնասները Լիբանանի կրելիք վնասներուն տասնապատիկը պիտի ըլլան, եթէ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծէ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը կարիքը ունի նաեւ ներքին լիբանանեան իրավիճակի ամրապնդման` ընդգծելով, որ իրեն համար մերժելի է ոեւէ պատասխանատուի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւն. «Կառավարութիւնը Պէտք Է
Աշխատի Կանխարգիլել Հաւանական Պատերազմը Եւ
Ոչ Թէ Մտածել Անոր Հետեւանքներուն Մասին»

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ կուսակցութիւնը կը հետեւի հարաւային Լիբանանի ապահովական մագլցումներուն` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է աշխատի կանխարգիլել հաւանական պատերազմը եւ ոչ թէ մտածել անոր հետեւանքներուն մասին:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց, որ լիբանանեան բանակը տեղակայուի հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ` մերժելով զինուելու մասին հնչող բոլոր կոչերը:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հաստատեց, որ սահմանագիծին վրայ ընթացող ռմբակոծումները պէտք չէ օրինականացնել, այլ` լիբանանեան բանակին յանձնել սահմանին պաշտպանութիւնն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցաբար:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը շեշտեց նաեւ, որ խիստ մերժելի է այն իրողութիւնը, որ Լիբանանի ճակատագիրն ու վերջնական որոշումը ուղղակիօրէն կախեալ ըլլան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանելիք ճառէն:

Ահմետ Ապտել Հատի. «Իսրայէլացիները Կը Ջանան
Նուաճումներ Իրագործել, Սակայն Անոնք
Երկարատեւ Պատերազմ Չեն Կրնար Հանդուրժել»

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Համասի ներկայացուցիչ Ահմետ Ապտել Հատի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը գետնի վրայ ընտրանքներ չունին, բացի սպանդներ գործելէ:

Ապտել Հատի շեշտեց, որ Իսրայէլ կը փորձէ նուաճումներ իրագործել եւ վերականգնել «Աքսայի ջրհեղեղ»-էն ետք իր կոտրուած պատկերը, սակայն այդ մէկը կարելի չեղաւ, որովհետեւ ան միայն սպանդներ կը գործէ եւ երեխաներ ու կիներ կը սպաննէ:

Ապտել Հատի հաստատեց, որ Իսրայէլ երկարատեւ պատերազմ չի կրնար հանդուրժել` տնտեսական եւ ներքին իսրայէլեան կացութեան պատճառներով:

Յորդանան Իր Քաղաքացիները
Կը Յորդորէ Լիբանան Չայցելելու

Նշենք, որ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորհուրդ տուաւ իր քաղաքացիներուն խուսափելու Լիբանան այցելութենէ, բացի եթէ այդ այցելութիւնը խիստ կարեւոր կը նկատուի:

 

 

 

 

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Պու Հապիպէն Իմացաւ Սուրիա Կատարած Անոր Այցելութեան Արդիւնքները

Յաջորդը

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Չեղեալ Յայտարարած Է «Կովերու Պարտէզ» Կալուածի Առնչուած Աղմկայարոյց Գործարքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?