Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Մերժենք Լիբանանը Պատերազմի Մէջ Ներքաշել, Միաժամանակ Մերժելով Զայն Պարտութեան Մղելու Քայլերը» Շեշտեց Պասիլ

November 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ օր մը օրանց դրդապատճառի կարիք չէ ունեցած Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու:

Ան նշեց, որ 7 հոկտեմբեր 2023-ի գործողութիւնը նոր տարազ մը պիտի պարտադրէ` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պարտուիլ սկսած է 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ Կազայի եւ Իսրայէլի պատերազմին առումով, իրենց համար կարեւորագոյնը կը մնայ այն, որ Լիբանան չէզոքացուի այս պատերազմէն` շեշտելով, որ Իսրայէլ շրջափակուած է, իսկ Միացեալ Նահանգներ, Իրան եւ Հըզպալլա չեն փափաքիր պատերազմին ծիրը ընդարձակել:

«Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը խիստ մերժելի է ու դատապարտելի: Իսրայէլ Կազայի մէջ հաւաքական ցեղասպանութիւն կը գործէ: Իսկ պաղեստինցիները տեղահան ընելու ծրագիրը անընդունելի է, եւ ըստ երեւոյթին պաղեստինցի ժողովուրդը կը կռուի եւ կ՛ուզէ իր հողին համար մեռնիլ», յայտնեց ան:

Դիմադրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ինքնապաշտպանութիւն կը կատարէ եւ ոչ թէ յարձակում կը շղթայազերծէ` աւելցնելով, որ Մազարեհ Շեպաան լիբանանեան հողատարածք է, որ բռնագրաւուած է Իսրայէլի կողմէ: «Հետեւաբար Հըզպալլա իրաւունք ունի ազատագրելու բռնագրաւուած հողերը եւ ան յանձնառու կը մնայ երկկողմանի ընդունուած բախման կանոններուն», նշեց Պասիլ:

Իսրայէլի դէմ այլ ռազմաճակատներ բանալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պասիլ շեշտեց. «Կը մերժենք Լիբանանը պատերազմի մէջ ներքաշել, միաժամանակ մերժելով զայն պարտութեան մղելու քայլերը: Լիբանանցիներուն պարտականութիւնն է արգիլել, որ Լիբանանը պաղեստինեւիսրայէլեան պատերազմին մէջ ներքաշուի»:

Ան նկատել տուաւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ինք իր մտավախութիւններուն մասին արտայայտուած է` աւելցնելով, որ միաժամանակ շօշափած է Նասրալլայի յանձնառութիւնը` Լիբանանի շահերուն նկատմամբ:

Պասիլ անդրադարձաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ իր հանդիպումին` նշելով, որ Միքաթի արծարծած է բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը: «Այս հարցը քաղաքական է եւ անոր նպատակն է բանակի հրամանատարը իր պաշտօնին վրայ պահել` իբրեւ հանրապետութեան նախագահի հաւանական թեկնածու, մինչդեռ ապահովական կառոյցներուն մէջ կարելի չէ դատարկութիւն ստեղծել, որովհետեւ ամէնէն բարձրաստիճան զինուորականը կրնայ ստանձնել տուեալ պաշտօնը», ըսաւ ան:

Պասիլ վերահաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը մերժելու:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Այս Փուլին Ազուրն Ու Ֆրենժիէն Պէտք Է Մոռնալ»

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլայի Վճռական Ճառը Կը Սպասեն Շատեր. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ֆոսֆորային Ռումբերով Հրկիզել Հարաւային Լիբանանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.