Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Պու Հապիպէն Իմացաւ Սուրիա Կատարած Անոր Այցելութեան Արդիւնքները

November 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ:

Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ Պու Հապիպ յանձնախումբին ներկայացուց Սուրիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, որոնց շրջագիծին մէջ նախարարի պաշտօնակատարը ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցը քննարկած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ տեղահանուածներու ներկայացուցչութիւններուն հետ:

«Պու Հապիպ յանձնառութիւն յայտնեց` այս թղթածրարին լուծման ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու, ինչպէս նաեւ ընդգծեց սուրիական պետութեան դրական մօտեցումը` այդ թղթածրարին լուծման կարելիութեան վերաբերեալ», ըսաւ Ալամէ:

Ան յայտնեց, որ Պու Հապիպ անդրադարձած է այն մանրամասնութիւններուն եւ դիւրութիւններուն, որոնք Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ կը տրամադրուին` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու համար:

Ալամէ նշեց, որ յանձնախումբը քննարկած է նաեւ Կազայի մէջ տիրող իրավիճակն ու Իսրայէլի բռնարարքները եւ գործադրած ոճրային արարքները, որոնք կը կատարուին յաչս աշխարհին:

«Այս շրջագիծին մէջ Պու Հապիպ յանձնախումբը տեղեակ պահեց այս մասին Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն եւ Լիբանանի արձանագրած կեցուածքներուն մասին: Պու Հապիպ շեշտեց, որ Լիբանան պատերազմ չ՛ուզեր` աւելցնելով, որ նախարարի պաշտօնակատարը դեսպաններուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին կը պահանջէ անոնցմէ, որ միջամտեն Իսրայէլի մօտ եւ կասեցնեն Լիբանանի վրայ անոր գործած յարձակումները: Պու Հապիպ կը պահանջէ նաեւ որդեգրել զոյգ պետութիւններու հիմնադրութեան լուծումը», ըսաւ ան:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Ալամէ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը իրենց բնականոն աշխատանքը կը կատարեն` լիբանանեան բանակին հետ գործակցաբար:

 

 

Նախորդը

Մակրօ Այցելեց Ժեմայէլի Եւ Շէյխ Ապի Մունայի

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը` Համեմատաբար Հանգիստ Վիճակի Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.