Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ եւ պաշտպանութեան հարցերով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Կիլ Միշօ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի, այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական մագլցումները, ինչպէս նաեւ բանակին եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու քայլերը: ՄԱԿ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի իրավիճակն ու ապահովական զարգացումներուն լոյսին տակ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն անվտանգութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը իր ամէնէն զգաստ ժամանակաշրջանը կ՛ապրի, ինչպէս նաեւ կազմ ու պատրաստ կը սպասէ: «Մեր բոլոր զոհողութիւնները պիտի նպաստեն յաղթանակի կերտումին», շեշտեց ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք չէ պատերազմին մէջ ներքաշուին, որպէսզի Լիբանանը քանդելու առումով Իսրայէլին պատճառ մը տուած չըլլան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած ճառը թշնամին մտահոգ պահած է: Ան աւելցուց, որ թշնամի Իսրայէլ պէտք է նկատի ունենայ սէյիտ Նասրալլայի արտասանած իւրաքանչիւր տառը, նախքան որեւէ քայլի դիմելը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մըլհեմ Հուժէյրի հաստատեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի խօսքը յաղթանակի ընթացագիծ մըն է, որ կը պարունակէ մարտահրաւէրներ եւ պաղեստինցի ժողովուրդին արձանագրելիք յաղթանակին վճռականութիւն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ այն ցեղասպանութիւնը, որուն Կազա կ՛ենթարկուի, մարդկութեան ճակատին ամօթի կնիք է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի ճակատին վրայ Դիմադրութեան կատարածը Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն կը ծառայէ: Ժաշի ընդգծեց, որ Իսլամական Դիմադրութիւնը պիտի չարտօնէ, որ Կազա առանձինն պայքարի Իսրայէլի դէմ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը միշտ պիտի մնայ մարտի դաշտերուն վրայ` ձախողեցնելու համար իսրայէլեան ծրագիրները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները, ի խնդիր Կազայի փրկութեան եւ անոր յաղթանակին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Էմին Սէյիտ հաստատեց, որ ներկայ ճակատամարտերը շատ բուռն են ե՛ւ զինուորական, ե՛ւ քաղաքական իմաստով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպան Ֆերենց Չիլաղը, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի պատերազմն ու Լիբանանի վրայ անոր ունեցած հետեւանքները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանին յայտնելու, թէ ան կը սխալի հրապարակը ազատ ձգելով: «Աւելի ուշ, երբ Իրանը եւ Թուրքիան լեցնեն այդ հրապարակը, մի՛ մեղադրէք զանոնք», ըսաւ ան:

Նախորդը

Մինչ Պլինքըն Կազայի Ապագան Կը Քննարկէ, Արաբական Երկիրները Նախ Զինադադար Կը Պահանջեն

Յաջորդը

Հըզպալլա Առաջին Անգամ Ըլլալով Կ՛օգտագործէ «Պուրքան» Տիպի Հրթիռը. Դիմադրութիւնը Վար Առաւ Նաեւ Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?