Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Այս Փուլին Ազուրն Ու Ֆրենժիէն Պէտք Է Մոռնալ»

November 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինք պատերազմ չի սիրեր եւ կը յուսայ, որ Լիբանանը պատերազմի մէջ չի ներքաշուիր, որովհետեւ այդ պարագային Լիբանանին ոչինչ պիտի մնայ:

Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ հարաւային սահմանագիծին վրայ ընթացող զինուորական գործողութիւնները երկկողմանի ընդունուած բախման կանոններու շրջագիծին մէջ կը գտնուին, «սակայն անոնք այդ կանոններէն կրնան դուրս գալ», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ մաղթեց, որ զանազան ուժեր յանձնառու մնան, որ երկիրը պատերազմի մէջ չներքաշուի` աւելցնելով, որ պաղեստինցիները իրենց հողերէն տեղահան ընելու ծրագիրը հրէական եւ սիոնական հին ծրագիր է, նախքան Հըզպալլայի կողմէ զայն զսպող հանգամանքի գոյութիւն ունենալը:

Իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային` Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ինք կը յուսայ, որ Լիբանան պատերազմի մէջ չի ներքաշուիր` Լիբանանի եւ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան նկատմամբ իր նախանձախնդրութենէն մեկնելով: Ան աւելցուց, որ ներկայիս միակ պահանջը ինքնազսպումի ենթարկուիլն է:

Ժոմպլաթ հաւանական նկատեց, որ Կազայի մէջ պատերազմը երկու-երեք ամսուան տեւողութիւն ունենայ` աւելցնելով, որ ինք ներկայիս խաղաղութիւն չի նախատեսեր, եւ եթէ արաբական աշխարհը նախազգուշութիւններու չդիմէ, ապա կրնայ Պաղեստինեան հարցը ջնջուիլ:

Անդրադառնալով Լիբանանի նախագահական ընտրութեան օրակարգին` Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ պահանջուածը նախագահական ընտրութիւնն է եւ կառավարութեան կազմութիւնը, ապա տնտեսական իրավիճակի բարելաւումը:

«Ըստ երեւոյթին, Հըզպալլա Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ համաձայն է բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգելու իմաստով: Հըզպալլա եւ Պասիլ նեղ կացութեան մատնուած են: Պասիլ այցելեց ինծի, եւ Լիբանանի նկատմամբ իր մտավախութիւններուն մասին քննարկումներ կատարուեցան, սակայն երբ բանակի հրամանատարին անունը անոր առաջարկեցինք` իբրեւ հանրապետութեան նոր նախագահը, պատասխանը ստացանք Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայէն, որ ըսաւ, թէ իրենք չեն փափաքիր Պասիլը նեղի մատնել: Այս փուլին նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը պէտք է մոռնալ. անոնցմէ բացի մարդ չկա՞յ», հարց տուաւ ան:

 

 

Նախորդը

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծին Քննարկումը Ընթացքի Մէջ Է»

Յաջորդը

«Կը Մերժենք Լիբանանը Պատերազմի Մէջ Ներքաշել, Միաժամանակ Մերժելով Զայն Պարտութեան Մղելու Քայլերը» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.