Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 6000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 6000 լ. ոսկիով, մազութը` 2000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը նուազած է 8000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.586.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.626.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.681.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 960.000 լ. ոսկի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը արտակարգ քայլ մըն է, որ արտակարգ պայմաններու կարիք ունի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն, որ բանակի հրամանատարի պաշտօնի մակարդակին դատարկութիւն արձանագրուի` աւելցնելով, որ իրենք արգելք պիտի չհանդիսանան, եթէ բանակի հրամանատարը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու իմաստով համախոհութիւն գոյանայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ պահանջուածը այն է, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը առանց նախագահի չմնայ` շրջանցելու համար Լիբանանը դէպի անորոշութիւն առաջնորդելը:

ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ դպրոցներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն միջեւ գործակցութեան կարիքը կայ` փրկելու համար կրթական տարեշրջանը: Մահֆուտ մերժեց կարգ մը դպրոցներուն կողմէ ուսուցիչներուն վերաբերող որոշումները: Ան աւելցուց, որ օրէնքը կ՛արտօնէ գործադուլ կատարել` ընդգծելով, որ սենտիքային կողմէ գործադուլ յայտարարելու պարագային ոչ մէկ դպրոց իրաւունք ունի ուսուցիչը հաշուետուութեան կանչելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ: Վրոնեցքա այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որ գնահատեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի վերջերս կատարած յայտարարութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Շեմեզլով Նիզիոլովսքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոեն Վըրվեքը, որուն հետ քննարկեց շրջանային հարցերն ու հարաւային Լիբանանի ապահովական մագլցումները:

 

 

Նախորդը

Կազայի Մէջ Իսրայէլեան Ցամաքային Ուժերուն Եւ Պաղեսինցի Զինեալներուն Միջեւ Կատաղի Կռիւներ

Յաջորդը

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծին Քննարկումը Ընթացքի Մէջ Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.