Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած ճառին լոյսին տակ, ամբողջ շաբաթավերջին այդ մասին կեցուածքներն ու մեկնաբանութիւնները` տեղական, շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ, շարունակուեցան:
Միւս կողմէ, Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ փոխադարձ բախումները շաբաթավերջին աւելի եւս սաստկացան:
Հըզպալլա առաջին անգամ ըլլալով օգտագործեց «Պուրքան» տիպի թիրախահար հրթիռը` թիրախ դարձնելով իսրայէլեան Ժալ Օլամ զինուորական կեդրոնը, իսկ երէկ վար առաւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը, որ թռիչք կը գործէր Նապաթիէի վերեւ:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ Իսրայէլ բնաւ չի մտածեր Հըզպալլայի հետ ընդարձակ պատերազմի մէջ ներքաշուելու մասին` աւելցնելով, որ եթէ սէյիտ Նասրալլա սխալ մը գործէ, ապա հետեւանքները շատ ծանր պիտի ըլլան Լիբանանի համար:
Եւ հակառակ անոր որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն մերժած էր անդրադառնալ սէյիտ Նասրալլայի ճառին ու անոր կեցուածքներուն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա հաստատեց Իսրայէլի եւ Կազայի միջեւ պատերազմի ծիրը չընդարձակելու կարեւորութիւնը, յատկապէս լիբանանեան ճակատին վրայ:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի կացութեան` Քոլոնա ընդգծեց, որ ոչ մէկ կողմ պէտք է մտածէ այդ բախումներուն շրջագիծը ընդարձակելու եւ պատերազմի վերածելու մասին:
Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութիւնը թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան «Ժարտահ» զինուորական կեդրոնը, որ կը գտնուի Տհայրայի հանդիպակաց շրջանին մէջ:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Ժալ Օլամ, Մալիքիէ եւ Հատպ Պուսթան կեդրոնները:
Շաբաթ կէսօրին Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Մթըլլէ զինուորական կեդրոնը եւ վար առին իսրայէլեան լրտեսող օդապարիկ մը, որ Մասքաֆաամ բնակեցման վայրէն հասած էր Քֆարքիլա:
Յետմիջօրէին Դիմադրութիւնը հրթիռակոծեց իսրայէլեան Ապատ զինուորական կեդրոնը եւ քանդեց անոր զինուորական բոլոր սարքաւորումները:
Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան զինուորական այս բոլոր կեդրոնները թիրախ դարձուցած է համապատասխան հրթիռներով:
Դիմադրութիւնը շաբաթ ուշ գիշերին հաստատեց, որ Մթըլլէ բնակեցման վայրի բնակարաններէն մէկուն մէջ բացայայտած է համախմբուած իսրայէլացի զինուորներ եւ ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած այդ բնակարանը:
Երէկ կէսօրին Դիմադրութիւնը վար առաւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը, որ կը թռչէր Նապաթիէի վերեւ:
Կէսօրէ ետք ժամը 1:25-ին, Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած են իսրայէլեան Ավիվիմ զօրանոցը եւ Մասքաֆաամ զինուորական կեդրոնը ու քանդած անոնց թեքնիք սարքերը:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:11-ին Դիմադրութիւնը ընդգծեց, որ ռմբակոծած է Պայատ Պլիտա իսրայէլեան զինուորական դիրքին վրայ գտնուող հրասայլ մը եւ մարդկային վնասներ պատճառած ծառայող զինուորներուն:
Իսրայէլեան ուժեր առաւօտեան ժամը 8:27-ին ռմբակոծեցին Տհայրան, Պուսթանը եւ Ռամիան:
Ժամը 9:51-ին հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան բանակը Թայր Հարֆայի մէջ ռմբակոծած է իսլամական «Ռիսալա» սկաուտական շարժումին պատկանող հիւանդատար մեքենայ մը, որուն անձնակազմը կը փորձէր վիրաւորներ տեղափոխել:
Ռմբակոծումին պատճառով փրկարար աշխատանքներուն մասնակցող 4 կամաւորներ վիրաւորուած են:
Նշենք, որ վիրաւորները փոխադրուեցան հիւանդանոց, ուր անոնք ստացան պէտք եղած բժշկական խնամքը:
Փրկարար տղոց այցելեց երեսփոխան Ալի Խրէյս, որ հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է` ընդգծելով, որ թշնամի Իսրայէլ պիտի տապալի:
Երէկ երեկոյեան ժամը 5:42-ին հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժեր անօդաչու թռչող սարքով մը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած են Այնաթայէն Այթարուն փոխադրուող քաղաքացիական ինքնաշարժ մը, որ կը փոխադրէր լուսանկարիչ-լրագրող մը, կին մը եւ երեք երեխաներ:
Շուրջ ժամ մը ետք լսատեսողական լրատուամիջոցներ ընդգծեցին, որ արձանագրուած են 4 նահատակներ:
Շաբաթ օր առաւօտեան կանուխ ժամերէն իսրայէլեան ուժեր հաստատեցին, որ ռմբակոծած են Հըզպալլային պատկանող հսկողութեան աշտարակ մը, ինչպէս նաեւ ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած են երկու խմբաւորումներ, որոնք փորձած են դէպի Իսրայէլ հրթիռարձակում կատարել:
Իսրայէլեան ուժեր կէսօրէ առաջ ռմբակոծեցին Լապպունէն, Եարինը, Թայր Հարֆան, Տհայրան, Շիհինը, Ալմա Շաապը, Այթա Շաապը, Ռըմէյշը, Ռամիան, Այթարունը, Քֆարքիլան, Համամեսը, Խիամը, Քֆարհամամը, Քֆարշուպան եւ Ռաս Նաքուրան:
Յետմիջօրէին իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին Պլիտայի շրջակայքը, Մհայպիպը, Մէյսէլ Ժապալը, Հուլան, Մարքապան եւ Հաունինի հովիտը:
Երեկոյեան իսրայէլեան հրասայլերը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Ժըպպինը, Թայր Հարֆան, Շամաա գիւղաքաղաքը, Նաքուրան եւ Պասթրան, ինչպէս նաեւ լուսաւորող ռումբեր արձակեցին Տահր Ժամալ զինուորական կեդրոնին շրջակայքը` Ռամիա գիւղաքաղաքի հանդիպակաց շրջանին մէջ:
Շաբաթ ուշ գիշերին իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց Ռուպահ Թպըն, Մայսաթ, Ուազզանի եւ Քֆարշուպա շրջանները:
Այս շրջագիծին մէջ, Հըզպալլա շաբաթավերջին յայտնեց, թէ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ նահատակուածներ»-ու փաղանգին միացած են Հիւսէյն Ալի Սրուրը, Եուսեֆ Մոհամետ Սապրան, Ահմետ Սլիմը, Քասեմ Ապու Թահամը եւ Ռայան Եուսեֆ Տարուիշը:
Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ Պլինքընի, Սիսիի Եւ
Ապտալլա Բ. Թագաւորին Հետ
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին Ամմանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց Կազայի մէջ զինադուլի մը յանգելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի դէմ ռմբակոծումներն ու իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու կարեւորութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլ միջազգային օրէնքով արգիլուած ռումբեր կ՛օգտագործէ հարաւային Լիբանանի դէմ` հրկիզելով անոր անտառները:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային օրինականութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` գործակցելով ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ:
Իր կարգին, Պլինքըն հաստատեց, որ մարդասիրական նպատակներով ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` կասեցնելու համար զինուորական գործողութիւնները, պայմանով որ անոր զուգահեռ կարելի ըլլայ լուծել նաեւ Համասի մօտ գտնուող պատանդներուն թղթածրարը:
Միւս կողմէ, Միքաթի այցելեց նաեւ Եգիպտոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի բարձր գնահատեց Եգիպտոսի ցուցաբերած զօրակցութիւնը` Լիբանանի հանդէպ, ինչպէս նաեւ միշտ անոր նեցուկ կանգնելու Գահիրէի կեցուածքը:
«Մենք կը զօրակցինք պաղեստինցիները իրենց հողերէն տեղահան ընելու Սիսիի մերժողական կեցուածքին», շեշտեց Միքաթի:
Երէկ յետմիջօրէին Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Կազայի պատերազմը կասեցնելու միջազգային ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հակակշիռի տակ առնել այդ բախումներուն ծիրը ընդարձակելու հաւանականութիւնը:
Միքաթի եւ Ապտալլա Բ. թագաւորը հաստատեցին մարդասիրական օժանդակութիւնները Կազա հասցնելու կարեւորութիւնը:
Ապտալլա Բ. թագաւորը ընդգծեց, որ Յորդանան կը զօրակցի լիբանանցի իր եղբայրներուն եւ երկրին կայունութիւնը ամրապնդելու անոնց ջանքերուն:
Իր կարգին, Միքաթի գնահատեց Յորդանանի դերակատարութիւնը` արաբական դատը պաշտպանելու եւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ աշխատելու առումով:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Յորդանանի վարչապետ Պիշեր Խասաունէի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կասեցնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու փոխադրութիւնը երաշխաւորելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Նետերլանտներու վարչապետ Մարք Ռութէէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ զինադուլ հաստատելու ջանքերը:
Միքաթի ընդգծեց Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը, որպէսզի ամբողջ շրջանը փրկուի լայնածաւալ պատերազմի մը սպառնալիքէն:
Սէյիտ Նասրալլայի Արտասանած Ճառին Մասին
Կեցուածքներու Ալիքը Շարունակուեցաւ
Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան բանբեր Ճոն Քըրպի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Հըզպալլա պէտք չէ շահագործէ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմը:
Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ ջանք չեն թափեր ընդարձակելու Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմը, յատկապէս Լիբանանի ճակատին վրայ, որովհետեւ անիկա կրնայ 2006-ի պատերազմէն շատ աւելի արիւնալի ըլլալ, «եւ Ուաշինկթընի համար բաղձալի չէ վկայել Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ լայնածաւալ պատերազմի մը բռնկումը», յայտնեց ան:
Սպիտակ տան բանբերը իր կարգին շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք չէ փորձէ չարաշահել Կազայի պատերազմը` նկատել տալով, որ Ուաշինկթըն չի փափաքիր Լիբանանը նշեալ պատերազմին մէջ ներքաշուած տեսնել:
Սպիտակ տունը ընդգծեց նաեւ, որ կարելի չէ պատկերացնել, թէ ի՛նչ տարողութեամբ քանդում եւ աւեր պիտի գործուի Լիբանանի մէջ, եթէ հարաւային Լիբանանի ճակատը բռնկեցուցած բախումներն ու ռմբակոծումները ընդարձակուին:
Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան նախկին սպայ Սքոթ Ռայթըր անդրադառնալով սէյիտ Նասրալլայի ճառին հաստատեց, որ ան իսկական ռազմավարական մտածող է, ինչպէս նաեւ` իսկական դիւանագէտ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար` Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ սէյիտ Նասրալլայի ճառը իրապաշտ էր եւ հաւասարակշռուած: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի դէմ պատերազմի մը բռնկման բոլոր կարելիութիւնները առկայ են, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ թշնամի Իսրայէլ ի՛նչ կը մտածէ այս մասին:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ անդրադառնալով սէյիտ Նասրալլայի ճառին ըսաւ. «Կը մերժենք լիբանանցիներուն ճակատագիրը Կազայի ճակատագիրին կապել: Այս բոլորին լուծումը կարելի է ապահովել ոչ թէ պատերազմի առանցքով, այլ` խաղաղութեան»:
Նշենք, որ սէյիտ Նասրալլա շաբաթ, 11 նոյեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պիտի արտասանէ ճառ մը` «Նահատակի օրուան» առիթով:
Ռայի Պատրիարքը Կ՛ընդունի Զօր. Աունը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պքերքէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի պատմութեան դիմագրաւած ամէնէն զգայուն փուլին ընթացքին բանակի հրամանատարը պաշտօնանկ ընելու յայտարարութիւնները ամօթալի են:
«Նման քայլերու դիմելու փոխարէն պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը եւ պաշտպանել երկրին պետական հաստատութիւնները», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ նախանցեալ գիշեր այցելած է Ռայի պատրիարքին եւ անոր հետ քննարկած իր կատարած խորհրդակցական շրջապտոյտին արդիւնքները:
«Ռայի պատրիարքին հետ համաձայն գտնուեցանք, որ երկրին իշխանութեան վերակազմաւորման հիմքը, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած տագնապներուն լուծումը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է: Համաձայն գտնուեցանք նաեւ, որ սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը խախտող որեւէ որոշում լիբանանեան պետութեան եւ ազգային համագործակցութեան հարուած հասցնող քայլ է:
«Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծեցի, որ պատրաստ եմ պատուոյ ուխտի յանձնառութիւն յայտնելու խորհրդարանական ընտրական բաց նիստի մը ընթացքին ընտրուած հանրապետութեան ոեւէ նախագահի մը նկատմամբ, եթէ մօտիկ ապագային կարելի չըլլայ թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել: Ինչ ալ ըլլայ պարագան, պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը պաշտպանէ երկիրն ու հաստատութիւնները եւ վերջ կու տայ նախագահական դատարկութեան փուլին: Ռայի պատրիարքին հետ համաձայնեցանք, որ խորհրդարանին պարտականութիւնն է նախագահական դատարկութեան փուլին վերջ տալ` ըստ սահմանադրութեան», ըսաւ Պասիլ: