Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլայի Վճռական Ճառը Կը Սպասեն Շատեր. Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ֆոսֆորային Ռումբերով Հրկիզել Հարաւային Լիբանանը

Նոյեմբեր 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ աշխարհը կը սպասէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառին` իր հայեացքը ուղղելով ուրբաթ օրուան յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեց, որ Իսրայէլ սկսած է դէպի Կազա ցամաքային ներխուժման:

Սէյիտ Նասրալլայի արտասանելիք ճառին վճռական ըլլալու հաւանականութեան մասին ակնկալութիւններու համեմատութիւնը հետզհետէ աւելի կը բարձրանայ, իսկ այսօր Լիբանան կը հասնի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով խորհրդական Պարպրա Լիֆ:

Պէյրութի մէջ Լիֆ հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի ղեկավարներու, քաղաքական պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի «Էքս» ելեկտրոնային հարթակին վրայ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Հըզպալլա, որ անցեալին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարած է, այսօր կը զօրակցի Համասի ՏԱՀԵՇ-ին, եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ Նասրալլա վտանգի կ՛ենթարկէ Լիբանանը:

Իսկ Իսրայէլի կողմէ մնայուն կերպով հարաւային Լիբանանի անտառային ու կանաչապատ տարածքները ֆոսֆորային ռումբերով հարուածելու եւ հրկիզելու դէմ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ իր մնայուն ներկայացուցչութենէն պահանջած է Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնել եւ դատապարտել Իսրայէլի կողմէ միջազգային օրէնքով արգիլուած ֆոսֆորային ռումբերու օգտագործումը:

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Դիմադրութիւնը երէկ կէսօրուան ժամը 12:22-ին բացայայտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լարուած թակարդ մը իսրայէլեան Ասի զինուորական կեդրոնին մօտակայքը: Դիմադրութեան փաղանգներէն մէկը այդ թակարդը բացայայտելէ ետք հրթիռակոծումի թիրախ դարձուց Ասիի կեդրոնին մօտ գտնուող իսրայէլացի զինուորները` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Ժամը 1:00-ին Հըզպալլայի մարտիկները  ռմբակոծեցին Պայատ Պլիտայի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնը:

Դիմադրութիւնը կէսօրէ ետք ժամը 14:15-ին թիրախահար հրթիռով ռմբակոծեց իսրայէլեան Մարժ զինուորական կեդրոնը, որ կը գտնուի Մարքապա գիւղի հանդիպակաց Հաունին հովիտին մէջ:

Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ Մարժի կեդրոնին մէջ գտնուող մեծ թիւով սարքեր ու կազմածներ քանդուած են:

Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին նաեւ իսրայէլեան Պրանեթ զինուորական կեդրոնին մօտակայքը շրջող «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը, որ տեղւոյն վրայ պայթեցաւ իր ամբողջ անձնակազմով:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Ժարտահի զինուորական դիրքը:

Իսրայէլեան ուժեր յայտարարեցին, որ նախանցեալ երեկոյեան ռմբակոծած են լիբանանեան հողերուն վրայ գտնուող Հըզպալլայի զինուորական ենթակառոյցները:

Իսրայէլեան հրետանին եւ օդուժը նախանցեալ գիշեր ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Պրաաշիթը, Պընթ Ժպէյլը, Եաթերի եւ Զըպքինի միջեւ գտնուող հովիտը, Թէյր Հարֆայի շրջակայքը եւ Շիհինը:

Իսրայէլեան ուժեր արձակեցին նաեւ մեծ քանակով լուսաւորող ռումբեր:

Երէկ առաւօտեան իսրայէլեան ուժերը Ռահեպի իրենց դիրքերէն երեք ֆոսֆորային ռումբերով թիրախ դարձուցին Ռամիա եւ Այթա Շաապ գիւղաքաղաքները: Անոնք Ժալ Օլամի զինուորական իրենց դիրքէն ռմբակոծեցին նաեւ Տհայրան եւ Մըրուահինը:

Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ կատարեց  Հասպայայի ու Մազարեհ Շեպաայի վերեւ:

Իսրայէլեան ուժերը Ժալ Օլամի զինուորական իրենց դիրքէն կը ռմբակոծեն Տհայրա եւ Մըրուահին շրջանները:

Կէսօրուան ժամը 1:30-ին, իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին Եարուն գիւղաքաղաքն ու Մարուն Ռասի շրջակայքը:

Ժամ մը ետք, իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Մարքապան եւ Հուլան` պատասխանելու համար Դիմադրութեան կողմէ Հաֆաթ Կիլատ բնակեցման վայրի ռմբակոծումին: Միաժամանակ Պուսթան եւ Եարին շրջաններուն միջեւ տեղացին իսրայէլեան լուսաւորող ռումբեր:

Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Նաքուրան, Տհայրան, Մէյս Էլ Ժապալը, Եարունը, Այթարունը եւ Ալմա Շաապը:

Երեք քառորդ ժամ ետք, իսրայէլեան ուժեր 6 հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին լիբանանեան բանակի Հաունինի հովիտին մէջ գտնուող դիրքը: Մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նաքուրայի հարաւային շրջանին մէջ գտնուող Լապպունէի անտառներուն մէջ հրդեհները վերանորոգուած են` իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ֆոսֆորային ռումբերը շարունակ արձակելու պատճառով:

Խորհրդարանի Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստ`
Սերտելու Կառավարութեան Շտապ Ծրագիրը

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ նախագահեց խորհրդարանի յանձնախումբերու միացեալ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ մեծ թիւով նախարարներ:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան պատրաստած շտապ ծրագիրը` Լիբանանի պատերազմի մէջ ներքաշուելու պարագային, հակառակ այն իրողութեան, որ Լիբանանի մէջ կայ համախոհութիւն` պատերազմին մէջ չներքաշուելու իմաստով:

Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով պաղեստինեան հողերուն վրայ զոհուած նահատակներուն յիշատակը:

Նիստէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պու Սաապ ընդգծեց, որ եթէ Լիբանանի վրայ պատերազմ պարտադրուի, ապա Լիբանան միասնականութեամբ պիտի դիմակայէ զայն:

Իր կարգին, կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին հաստատեց, որ հոյակապ ժողով մը եղած է երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն միջեւ:

Ան աւելցուց, որ նախքան պատերազմի պարագային պատրաստուած շտապ ծրագիրը սերտելը, տեղի ունեցած է քաղաքական խորհրդակցութիւն` պատերազմի բռնկելուն մասին, եւ կայ քաղաքական ու դիւանագիտական աշխատանք, որ կը կատարուի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ` իսրայէլեան յարձակումներէն պաշտպանելու համար Լիբանանը:

Պըրրի Շարունակեց Հետեւիլ Հարաւային
Լիբանանի Զարգացումներուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ շարունակեց հետեւիլ հարաւային Լիբանանի զարգացումներուն:

Այս առումով Պըրրի ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս` քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու հարաւային Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:

Պըրրի հարաւային սահմանագիծի մագլցումները քննարկեց նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Անուար Տաուի հետ:

Հաժ Հասան. «Թշնամի Իսրայէլ Աւելի Քան
40
Հազար Ձիթենի Հրկիզած Է»

Երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ աւելի քան 40 հազար ձիթենի հրկիզած է` օգտագործելով միջազգային օրէնքով արգիլուած ֆոսֆորային ռումբեր:

Հաժ Հասան հաստատեց, որ Լիբանան այս իմաստով բողոքագիր մը պիտի յղէ ՄԱԿ-ին` դատապարտելով թշնամիին վայրագութիւնը եւ միջազգային օրէնքին ու լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ անոր գործած ոտնձգութիւնը:

Հաժ Հասան ընդգծեց, որ լիբանանցիները իրաւունք ունին ինքնապաշտպանութեան:

Պոլթըն. «Պէտք Է Պատրաստ Ըլլալ Լիբանանի Վրայ
Յարձակումներու Օղակին Ընդարձակումին»

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական անվտանգութեան նախկին խորհրդատու Ճոն Պոլթըն յայտնեց, որ Իրան զինած եւ ֆինանսաւորած է Համասն ու Հըզպալլլան, ինչպէս նաեւ կարգ մը խմբաւորումներ, որպէսզի զանոնք ուժեղացնէ եւ մղէ կատարելու յարձակումներ, այնպէս ինչպէս կատարուեցաւ 7 հոկտեմբեր 2023-ին: «Բայց եւ այնպէս պէտք է իմանալ, որ նման գործողութիւններ Համասին համար օգտակար չեն, այլ` Իրանի», ըսաւ ան:

Պոյթըն աւելցուց, որ իսրայէլացիները եւ այն լիբանանցիները, որոնք չեն զօրակցիր Հըզպալլային` պէտք է պատրաստ ըլլան Լիբանանի վրայ յարձակումներու օղակին ընդարձակումին: Ան աւելցուց նաեւ, որ հիւսիսային Իսրայէլի կացութիւնը կրնայ շատ աւելի վատթարանալ:

 

 

 

 

Նախորդը

«Կը Մերժենք Լիբանանը Պատերազմի Մէջ Ներքաշել, Միաժամանակ Մերժելով Զայն Պարտութեան Մղելու Քայլերը» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Նակիեւ. «Ազրպէյճանի Կառավարութիւնը Լիովին Կ՛երաշխաւորէ Հայ Բնակչութեան Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգ Կեանքը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?