Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Ապահովական Մագլցումներ Կ՛արձանագրուին
Շաբաթավերջին հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ ապահովական մագլցումներ արձանագրուեցան: Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ ռմբակոծումները աւելի բուռն թափով ընթացան` ընդարձակելով նաեւ հրետակոծուած գիւղաքաղաքներու տարածքն ու զինուորական դիրքերը: Երէկ երեկոյեան ժամը 5:20-ին, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը գրեց հետեւեալը. «Իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի բուռն հարուած մը հասցնելու Հըզպալլային` հակադարձելով անոր շղթայազերծած այսօրուան յարձակումներուն»: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Հըզպալլայի կողմէ հակազրահապատ հրթիռներով քաղաքայիններու...

















