Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին կրցած է լիբանանեան-սուրիական սահմանագիծին վրայ արգիլել 600 սուրիացիներու ապօրինի մուտքը Լիբանան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Կազայի մէջ Դիմադրութիւնը պէտք է զգուշանայ քաղաքական խաղերէն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրավիճակը: Ժեմայէլ եւ Վրոնեցքա ընդգծեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցաբար: Միւս կողմէ, կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ անիշխանութիւնը պատճառ կը դառնայ Լիբանանը դիմադրութեան առանցքին կողքին հաստատելու: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը շեշտեց, որ պահանջուածը երկրին ու անոր հաստատութիւններուն եւ պետական որոշումին ամրապնդումն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք ընդգծեց, որ լիբանանցի քաղաքացիներուն վրայ գործուած իսրայէլեան յարձակումներուն եւ անոնց դէմ կատարուած բռնարարքներուն Դիմադրութիւնը խիստ ու կոպիտ պատասխան մը պիտի տայ, առանց վարանելու կամ յապաղելու: Ան շեշտեց նաեւ, որ պաղեստինցի ժողովուրդը իր գրաւը արտահերթ Արաբական վեհաժողովին վրայ չէ դրած, այլ` Դիմադրութեան ռազմավարութեան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Հասան Պաղտատի յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ պատահածը իսկական պատերազմ է, որ հիմնուած է ռազմավարական տեսլականի վրայ` թշնամին պարտութեան մղելու նպատակով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները:

Իպրահիմի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ: Հանդիպումին քննարկուեցան հարաւային սահմանագիծի ապահովական մագլցումներուն վտանգաւոր բնոյթ ստանալը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութիւն կայացնելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Պլինքըն. «Կազան Չի Կրնար Համասի Վերահսկողութեան Տակ Մնալ, Եւ Տագնապէն Ետք Կրնայ Փոխանցման Փուլի Կարիք Ըլլալ»

Յաջորդը

«Կը Մերժենք Կազայի Դէմ Բռնարարքները. Լիբանանեան Բանակի Հրամանատարութեան Մակարդակին Վրայ Դատարկութեան Փուլ Պիտի Չարձանագրուի» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?