Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրին այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները, յատկապէս Այթարուն-Այնաթա ճամբուն վրայ լիբանանցի ընտանիքին սպանդն ու «Ռիսալա» սկաուտական շարժումի փրկարար աշխատանքները կատարող կամաւորները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու դէպքը:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, թէ Լիբանան ի՞նչ պիտի ըսէ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնին, Միքաթի նշեց, որ կեցուածքները նոյնն են` Կազայի մէջ անմիջական զինադուլ պահանջելու, արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու` հարաւային Լիբանանի դէմ իր հրահրումները կասեցնելու եւ քաղաքայինները թիրախ դարձնելու քայլերը կասեցնելու իմաստով:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կառավարութեան յատուկ նիստ մը գումարելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Միքաթի ըսաւ. «Ես եւ Պըրրի յանձնառու կը մնանք բանակին, հետեւաբար համբերութիւնը բարիք կրնայ բերել, իսկ աճապարանքը կրնայ զղջումի առաջնորդել»:
Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց Ֆրանսայի եւ Լիբանանի երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիեն լը Քորնիւի Լիբանան այցելութեան արդիւնքները:
Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամի: