Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի. «Եկեղեցին Չի Կրնար Ձեռնածալ Մնալ, Երբ Պատասխանատուները Կը Թերանան Ժողովուրդին Շահերը Իրականացնելու Իրենց Պարտականութեան Մէջ»

November 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ երէկ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ եկեղեցին չի կրնար ձեռնածալ մնալ, երբ պատասխանատուները կը թերանան ժողովուրդին շահերը իրականացնելու իրենց պարտականութեան մէջ:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ մերժելի է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը սահմանափակել անձով մը, խմբաւորումով մը կամ ծրագիրով մը: «Կը մերժենք առանց հանրապետութեան նախագահի գոյատեւել, որովհետեւ երկիրն ու անոր պետական հաստատութիւնները կը կազմաքանդուին, ժողովուրդը կը մուրայ, մարդուժը կ՛արտագաղթէ, իսկ սահմանադրութեան դէմ ոտնձգութիւններ կ՛արձանագրուին», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը վերստին դատապարտեց Կազայի դէմ ցեղասպանական ու վայրագ պատերազմը, որուն զոհ գացած են 11 հազարէ աւելի քաղաքայիններ, որոնց կէսը` երեխաներ: Ան դատապարտեց նաեւ դպրոցներու, եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու եւ մզկիթներու ռմբակոծումը, որուն նպատակն է պաղեստինցիները իրենց հողերէն տեղահան ընել:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց պաղեստինցիներուն նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը` շեշտելով, որ տագնապին միակ լուծումը երկու պետութիւններու հիմնումն է:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ֆրենժիէ. «Կազայի Մէջ Իսրայէլեան Բռնարարքները Անմիջապէս Պէտք Է Կասեցուին, Իսկ Լիբանանի Պաշտպանութեան Համար Ուժի Հաւասարակշռութեան Պահպանումը Կարեւոր Է»

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Լիբանանեան

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.