Իսրայէլ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակեց ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանները, ինչպէս նաեւ լուսաւորող, տարանջատուող ու ֆոսֆորային ռումբերով թիրախ դարձնել հարաւային Լիբանանի անտառները:
Դիմադրութիւնը իր կարգին շարունակեց թիրախահար եւ հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծել իսրայէլեան զինուորական դիրքերը` նիւթական եւ մարդկային վնասներ պատճառելով թշնամիին:
Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը հիւսիսային Իսրայէլի մէջ պաշտպանողական գործողութիւններ կը կատարէ` աւելցնելով, որ այդ գործողութիւնները նաեւ յարձակողական են եւ Հըզպալլայի պատկանող թիրախներ կը հարուածեն: «Եթէ Հըզպալլա որոշէ պատերազմի մէջ ներքաշուիլ, ապա ան իր կեանքին սխալը գործած պիտի ըլլայ», շեշտեց Նեթանիահու:
Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ հաստատեց, որ Իսրայէլ չի փափաքիր Հըզպալլայի հետ նոր ռազմաճակատ մը բանալ, սակայն եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա սխալի, ապա ան Լիբանանը փորձանքի պիտի ենթարկէ եւ շատ սուղ պիտի վճարէ իր գործած սխալին գինը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը գրեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները իրենց բանակին նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցուցած են եւ իրենց գիւղաքաղաքներէն մեկնած` այն մտավախութեամբ, որ այդ շրջաններուն մէջ կրնայ 7 հոկտեմբեր 2023-ի յարձակումին բեմագրութիւնը կրկնուիլ:
Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ երէկ կէսօրին Հըզպալլայի մարտիկները հրթիռակոծած են իսրայէլեան զինուորական դիրքեր, յատկապէս Ասի դիրքը:
Դիմադրութիւնը հաղորդեց նաեւ, որ կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած է սիոնական հետեւակազօրքի մէկ զօրամասը Շումերա զինուորական դիրքին մէջ:
Կէսօրէ ետք ժամը 1:40-ին, Հըզպալլա ռմբակոծեց Եաֆթահի եւ Պայեատի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնները:
Ժամ մը ետք Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռով ռմբակոծեց իսրայէլեան Տովիւ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող իսրայէլեան հետեւակազօրքի դիրքը` ի պատասխան «Ռիսալա» սկաուտական շարժումի փրկարար աշխատանք իրականացնող կամաւորները եւ անոնց հիւանդատարը ռմբակոծելու իսրայէլեան բռնարարքին:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի հաստատեց, որ Տովիւի իսրայէլեան զինուորական դիրքին վրայ երկու իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուած են:
Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ համապատասխան զէնքերով թիրախ դարձուցած է իսրայէլեան Պայեատ Պլիտա զինուորական կեդրոնը:
Իսրայէլեան ուժեր երեքշաբթի գիշեր հրետակոծեցին Լապպունէն, Մըրուահինը, Այթա Շաապը, Քֆարքիլան, Շեպաայի բարձունքները, Հըլթայի մօտակայքը, Մարի գիւղաքաղաքը եւ Ռամիայի ու Պէյթ Լիֆի միջեւ գտնուող Մուզլեմ հովիտը:
Իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց նաեւ Եաթերի եւ Քաֆրայի շրջանները:
Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ Եաթերի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումները թիրախ դարձուցած են հին շինութիւն մը, ուր կ՛ապրէր տեղահանուած սուրիացի ընտանիք մը: Ռմբակոծումը մարդկային վնասներ չպատճառեց:
Իսրայէլեան ուժեր Ասիի զինուորական իրենց դիրքին ռմբակոծումին իբրեւ պատասխան գնդակոծեցին Մէյսէլ Ժապալը եւ Հուլան:
Կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր ռմբակոծեցին Հուլայի փողոցներէն մէկը, բարեբախտաբար սակայն հրթիռը չպայթեցաւ: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերը ռմբակոծեցին նաեւ Հուլայի ֆութպոլի դաշտը` պատճառելով նիւթական վնասներ:
Իսրայէլեան ուժեր փորձեցին հրկիզել նաեւ Հըլթայի եւ Քֆարշուպայի անտառները` արձակելով լուսաւորող եւ տարանջատուող ռումբեր:
Իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Պլիտա գիւղաքաղաքը, Ալմա Շաապը, Եարունն ու Մհայպիպի շրջակայքը:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:45-ին, իսրայէլեան ուժերը Եարունը ռմբակոծեցին լուսաւորող եւ ֆոսֆորային ռումբերով:
Հոքշթայն Ընդգծեց Պատերազմը Լիբանանէն
Հեռացնելու Անհրաժեշտութիւնը
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի անձնական պատուիրակ, Ուժանիւթի ապահովութեան հարցերու ամերիկացի աւագ խորհրդատու Էյմըս Հոքշթայն, որ նաեւ ստանձնած էր հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող բանագնացի պաշտօնը, այցելեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի:
Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան:
Հանդիպումէն ետք Հոքշթայն նշեց, որ Պու Սաապի հետ քննարկած է Կազայի պատերազմը եւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներն ու անոնց ունեցած հետեւանքները ամբողջ շրջանին վրայ:
Հոքշթայն ընդգծեց պատերազմը Լիբանանէն հեռացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Պու Սաապ շեշտեց Կազայի մէջ անմիջական զինադուլ մը յայտարարելու, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքները գործադրելու եւ քաղաքայիններու ու երեխաներու սպանդներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը:
Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Հոքշթայն Պէյրութի մէջ ընդգծած է, թէ Միացեալ Նահանգներ չեն փափաքիր տեսնել, թէ Կազայի պատերազմը տեղափոխուած է Լիբանան, կամ ընդարձակուած է ու հասած Լիբանան:
Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Հոքշթայն լիբանանցի պատասխանատուներուն մտահոգութիւնները լսած է եւ անոնց ներկայացուցած Ուաշինկթընի ի գործ դրած ջանքերը` լուծում մը գտնելու համար շրջանին մէջ տիրող տագնապին:
Դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին ամբողջական գործադրութեան կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ուաշինկթըն կը մերժէ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին մէջ ներքաշուած տեսնել Լիբանանը:


