Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրութիւնը Կը Շարունակէ Թիրախ Դարձնել Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքերը

Նոյեմբեր 10, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կալանթ Դարձեալ Կը Սպառնայ Հըզպալլային Ու Լիբանանին 

Բուռն ռմբակոծումներով լեցուն գիշերէ մը ետք, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը երէկ առաւօտեան վկայեց զգուշաւոր լռութիւն մը, որ մերթ ընդ մերթ խզուեցաւ իսրայէլեան հետախուզական օդանաւերու թռիչքներով` Հասպայայի, Մազարեհ Շեպաայի, Արքուպի, Մարիի հովիտին, Քֆարշուպայի բարձունքներուն, Ժապալ Շէյխի, Արեւմտեան Պեքաայի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Արամթայի բարձունքներուն եւ Սուժուտի վերեւ:

Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց նաեւ Պէյրութի վերեւ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երէկ երեկոյեան դարձեալ հաստատեց, որ Իսրայէլ անշեղ կը մնայ իր սահմանները պաշտպանելու յանձնառութենէն` աւելցնելով, որ եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա որեւէ սխալ գործէ, ապա Հըզպալլա եւ Լիբանան պիտի կրեն այդ սխալին հետեւանքները:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ Հաունինի հովիտին մէջ ռմբակոծած է իսրայէլեան զինուորական դիրք մը, ինչպէս նաեւ Մարքապա գիւղաքաղաքի արեւելեան շրջանները:

Ժամը 3:40-ին Հըզպալլա յայտարարեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծած են Մթըլլէի իսրայէլեան զինուորական դիրքը:

Յետմիջօրէին Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Դիմադրութիւնը ռմբակոծած է Թարպիխա գիւղաքաղաքին (ծանօթ` իբրեւ Շումերա հովիտ) մէջ գտնուող իսրայէլեան հետեւակազօրքի դիրքը:

Երեկոյեան ժամը 5:20-ին Դիմադրութեան տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ առ ի զօրակցութիւն Կազայի մէջ իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ պայքարող պաղեստինցիներուն, Հըզպալլայի մարտիկները Մթըլլէի իսրայէլեան զինուորական դիրքին մէջ գտնուող «Մերքաւա 5» տիպի իսրայէլեան հրասայլ մը օդը հանած են` անոր անձնակազմով միասին:

Իսրայէլեան ուժեր կէսօրուան ժամը 12:00-ին  հրետակոծեցին Ռըմէյշը, Այթա Շաապը եւ Ռամիան` պատճառելով նիւթական վնասներ:

Ժամ մը ետք իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի Մհայպիպ գիւղաքաղաքը:

Իսրայէլեան հրասայլեր կէսօրէ ետք շարունակեցին հրետանիներով ռմբակոծումը` այս անգամ 30 հրթիռներով թիրախ դարձնելով Ռամիա եւ Պէյթ Լիֆ շրջանները:

Յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Պայեատի հովիտը, որ կը գտնուի Մարքապայի եւ Հուլայի միջեւ, անոնք ռմբակոծեցին նաեւ Խիամն ու Թաժ Մուլուքը, ինչպէս նաեւ Մթըլլէ շրջանը:

Միաժամանակ իսրայէլեան բանակը ֆոսֆորային ռումբերով ռմբակոծեց Մերժահիունը, Համամեսի բարձունքն ու Մայսաթը:

Երեկոյեան ժամը 7:15-ին իսրայէլեան բանակը լուսաւորող ռումբեր արձակեց Մանարայի եւ Ապատի ուղղութեամբ:

Պու Հապիպ Մեկնեցաւ Ռիատ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ մեկնեցաւ Ռիատ` մասնակցելու համար Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ արտահերթ վեհաժողովը:

Մեկնումի պահուն Պու Հապիպ շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն կասեցումը շրջանին մէջ ապահովական մագլցումներուն վերջ տալու նախաքայլը կը նկատուի:

Նշենք, որ նախքան արտաքին գործոց նախարարներու նիստին կայացումը, Պու Հապիպ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ:

Ապա ան հանդիպում մը ունեցաւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճէյմս Քլիվըրլիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Կազայի պատերազմը, որուն շրջագիծին մէջ Պու Հապիպ հաստատեց, որ Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ իր բռնարարքներուն` աւելցնելով, որ իսրայէլացի պատասխանատուները պէտք է վերջ տան Լիբանանի եւ պաղեստինցիներու դէմ անոնց կատարած գրգռիչ յայտարարութիւններուն:

Պու Հապիպ Քլիվըրլիի հետ քննարկեց նաեւ Սուրիոյ հարցը` հաստատելով, որ կարելի չէ Սուրիոյ մէջ առկայ կացութիւնը այսպէս շարունակել: «Արեւմուտքը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր մօտեցումներն ու տեսակէտները` Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ, եւ օժանդակէ` Սուրիոյ հարցը լուծելու», ըսաւ Պու Հապիպ:

Տար Ֆաթուայի Դիմաց Բողոքի Նստացոյցը
Պատճառ Դարձաւ Շիայի Այցելութիւնը Յետաձգելու

Խումբ մը երիտասարդներ երէկ առաւօտեան բողոքի նստացոյց մը կազմակերպեցին Տար Ֆաթուայի դիմաց` պատճառ դառնալով, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա ջնջէ Տար Ֆաթուա կատարելիք իր այցելութիւնը:

Ցուցարարները բարձրացուցին պաղեստինեան դրօշներ եւ դատապարտեցին ամերիկեան զօրակցութիւնը` Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին եւ Ուաշինկթընի մերժումը Կազայի մէջ զինադուլի հաստատումին:

Այս շրջագիծին մէջ Տար Ֆաթուայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Շիայի հետ հանդիպումը յետաձգուած է` ընդառաջելով ամերիկացի դեսպանի գրասենեակէն ստացուած պահանջի մը:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան իր կարգին կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ընդգծեց Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին ցուցաբերուած ամերիկեան զօրակցութիւնը դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւֆթի Տըրիան ամերիկեան վարչակարգէն պահանջեց կասեցնել Կազայի եւ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած բռնարարքները, ինչպէս նաեւ պարտադրել, որ Կազայի մէջ զինադուլ յայտարարուի:

Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները կը զօրակցին պաղեստինցիներուն, որոնք 1948-էն ի վեր կը տառապին իսրայէլեան բռնագրաւումէն:

Ան շեշտեց, որ շրջանին հարցերը լուծման պիտի չյանգին, բացի` պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն վերադարձով, արդարութեան հաստատումով եւ Պաղեստինեան պետութեան հիմնումով: «Պաղեստին մը, որ ազատ է ու անկախ: Պաղեստին մը, որուն մայրաքաղաքն է Երուսաղէմը` իր մզկիթներով եւ եկեղեցիներով, որպէսզի Պաղեստինը մնայ շրջանին խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը երաշխաւորող հողը», շեշտեց միւֆթի Տըրիան:

Ան կոչ ուղղեց դիւանագիտական ջանքերը աշխուժացնելու` կասեցնելու համար Կազայի բնակիչներուն դէմ գործուած սպանդները` յոյս յայտնելով, որ Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի արտակարգ վեհաժողովը արդիւնաբեր կ՛ըլլայ այս իմաստով:

Միւֆթի Տըրիան զգուշացուց հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներու շրջագիծին ընդարձակումէն` շեշտելով, որ Լիբանան կը մերժէ իսրայէլեան վայրագութիւնն ու գործուած պատերազմական ոճիրները:

Ան զգուշացուց ամբողջ շրջանը ընդարձակ պատերազմի մը մէջ ներքաշելէ:

Նահատակաց Հրապարակին Վրայ Զօրակցական Նստացոյց`
Լիբանանցի ու Պաղեստինցի Լրագրողներուն ու Երեխաներուն

Կազմակերպութեամբ լրագրողներու, խմբագիրներու եւ լուսանկարիչներու սենտիքաներուն, երէկ Նահատակաց հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ զօրակցական նստացոյց մը` լիբանանցի եւ պաղեստինցի լրագրողներուն ու երեխաներուն:

Նստացոյցին մասնակցեցան մեծ թիւով խմբագիրներ, լրագրողներ եւ լուսանկարիչ-լրագրողներ:

Նստացոյցին ընթացքին շեշտուեցաւ ճշմարտութիւնը հաղորդելու եւ Իսրայէլի քստմնելի ոճիրները բացայայտելու մէջ տեղեկատուութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը:

Այս առիթով խօսք առաւ լրագրողներու սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի, որ զարմանք յայտնեց Կազայի մէջ գործուած սպանդներուն նկատմամբ աշխարհին կողմէ ցուցաբերուած լռութեան առնչութեամբ` շեշտելով, որ Իսրայէլի գործած ոճիրները մարդկութեան դէմ մարտահրաւէրներ կը նկատուին:

Իր կարգին, խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի շեշտեց, որ այսօրուան դրութեամբ խաղին կանոնները փոխուած են, որովհետեւ աչքը աւելի հզօր է, քան` հերիւնը, «իսկ պաղեստինցիներուն եւ լիբանանցիներուն կամքը աւելի հզօր է, քան` երկաթն ու հրդեհը», յայտնեց ան:

Ազգային լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհա ողջունեց Լիբանանի եւ Պաղեստինեան հողերուն մէջ գործող բոլոր լրագրողները` կոչ ուղղելով անոնց գործակցելու` Կազայի իրաւունքն ու յաղթանակը բարձրաձայնելու ուղղութեամբ:

Խօսք առաւ նաեւ Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուտը, որ խստիւ դատապարտեց պաղեստինցիներուն դէմ գործուած իսրայէլեան սպանդները` շեշտելով, որ ջարդերու քաղաքականութիւնը պիտի ձախողի:

Հըզպալլայի Տրամադրութեան Տակ Կը Գտնուին
«
Եախոնթ» Տիպի Հրթիռներ

Նշենք, որ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի մօտ կը գտնուին այնպիսի հրթիռներ, որոնք կրնան օգտագործուիլ նաւատորմերու դէմ, ինչ որ ամերիկեան ծովուժին դէմ ուղղուած կուսակցութեան սպառնալիքը կ՛ամրապնդէ:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, 300 քմ հասողութեամբ «Եախոնթ» տիպի ռուսական հրթիռները, որոնք տրամադրուած են Հըզպալլային, անոր կ՛ընծայեն միջոցներ` գործադրելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի անուղղակի սպառնալիքը` ուղղուած ամերիկեան նաւատորմին:

«Ռոյթըրզ» անդրադարձ կատարած է նաեւ շրջանային որեւէ պատերազմի ունենալիք հետեւանքներուն եւ վտանգներուն:

Իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկացի պատասխանատուներէ` «Ռոյթըրզ» հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ նկատի կ՛ունենայ Հըզպալլայի կարողութիւնները եւ լրջօրէն կը վերաբերի անոր ուժին հետ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Պըրրի Քաղաքական, Ապահովական Եւ Ելեւմտական Իրադարձութիւնները Քննարկեց Իր Այցելուներուն Հետ

Յաջորդը

Զախարովա. «Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Փոխադրական Կապի Վերահսկողութիւնը Պէտք Է Կատարէ Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնակցային Ծառայութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?