ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 4000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 4000 լ. ոսկիով, մազութինը` 27.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը փոփոխութիւն չէ արձանագրած: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.587.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.627.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.638.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 958.000 լ. ոսկի:
ՇԻԻ համայնքի գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց Ռիատի մէջ այսօր տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի արտակարգ վեհաժողովին մասնակցող արաբ ղեկավարներուն` զօրութիւն ցոյց տալու եւ զինադուլ պարտադրելու:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունա հանդիպում մը ունեցաւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանը պատերազմի մէջ չներքաշելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան կարողութիւն չունի պատերազմի հետեւանքները հանդուրժելու:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ վարչապետարանին մէջ նիստ մը պիտի գումարէ երեքշաբթի, 14 նոյեմբեր 2023-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պայսարին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ գիւղաքաղաքներուն իրավիճակը:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ Կազայի իրադարձութիւնները բացայայտեցին Արեւմուտքին ճշմարտութիւնը եւ անոր կարգախօսներուն ու ճառերուն կեղծ եւ անճիշդ ըլլալու իրականութիւնը: Պայրամ շեշտեց, որ իսրայէլեան Իլաթ բնակեցման վայրը թիրախ դարձնելը ռազմավարական կարեւոր հարուած մըն է, որ թշնամի Իսրայէլի ակնկալութիւններէն շատ հեռու է եւ անոր իրարանցում կը պատճառէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, որ մեկնած էր Պաղտատ` մասնակցելու համար Ասիական երկիրներու խորհրդարաններու քաղաքական յանձնախումբի նիստին, հաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը Կազայի մէջ ցեղասպանութիւնը կասեցնելն է` աւելցնելով, որ Կազայի իրադարձութիւններուն հետեւանքները կը սպառնան ամբողջ շրջանին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Կազայի մէջ անյապաղ զինադուլ յայտարարելու անհրաժեշտութիւնը: Խալիլ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները: Վրոնեցքա ցաւակցութիւն յայտնեց Այնաթայի մէջ ռմբակոծումի զոհ գացած չորս քաղաքացիներուն համար:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մերժումը` բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով` հրամանատարին հետ անձնական տարակարծութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մահմուտ Քումաթի ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան նախագահ Ալի Հայտարը, որուն հետ քննարկեց Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները: Քումաթի շեշտեց, որ Դիմադրութեան արձանագրելիք յաղթանակը անխուսափելի է:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխաններ Ժորժ Օքէյսն ու Նազիհ Մաթթան: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու սենտիքաներու վերաբերող շարք մը հարցեր:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Քամիլ Շամուն հաստատեց, որ Լիբանան շրջանային տագնապներուն զոհն է` աւելցնելով, որ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ մեղուներուն փեթակը խառնել` նկատել տալով, որ այդ փեթակը Իսրայէլն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ, Դանիոյ եւ Շուէտի դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններն ու հոն տիրող ընդհանուր կացութիւնը: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարօ, որուն հետ քննարկուեցան լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ գործակցութեան կարելիութիւններն ու հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանը պէտք է հեռու պահել շրջանային պատերազմէ մը:


