Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կուսակցութեան «Միրնա Շալուհի»-ի կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Շուէտի, Ֆինլանտայի, Նորվեկիոյ, Դանիոյ, Սլովաքիոյ եւ Չեխիոյ դեսպաններ` Անն Տիզմորը, Անն Միքսքաթենը, Մարթին Փաթրիվիքը, Քրիսթոֆըր Վիվեքը, Մարիք Վարկան եւ Ճերի Տուլիզելը:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ քաղաքական հարցերով Ազգային ազատ հոսանքի փոխնախագահ Մարթին Քթէյլի, Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Նատա Պուսթանի եւ Սեզար Ապի Խալիլ, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Պաշիր Հատտատ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այն միջոցները, որոնք պէտք է տրամադրել Լիբանանին` օժանդակելու համար անոր մարտահրաւէրներուն դիմադրելու, ինչպէս նաեւ պատերազմէն խուսափելու, յատկապէս նկատի ունենալով Իսրայէլի վրայ բանեցուելիք ճնշումը, որպէսզի կասեցնէ լիբանանցի քաղաքայիններուն դէմ գործած իր բռնարարքները:
Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն ստեղծած տագնապին մանրամասնութիւնները եւ անոր ունեցած վտանգաւոր ազդեցութիւնն ու հետեւանքները` Լիբանանի կացութեան վրայ:
Այս առիթով Պասիլ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է դադրեցնել որեւէ գործարք, որ կը միտի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ հաստատել, ինչպէս նաեւ ճիգ չխնայել անոնց ապահով տունդարձը կազմակերպելու ծրագիրներ մշակելու նպատակով: