Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Մերժենք Կազայի Դէմ Բռնարարքները. Լիբանանեան Բանակի Հրամանատարութեան Մակարդակին Վրայ Դատարկութեան Փուլ Պիտի Չարձանագրուի» Շեշտեց Պասիլ

November 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստին, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտուեցան Կազայի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքներն ու սպանդները` ծանր կշռող միջազգային լռութեան մթնոլորտի մէջ, ինչպէս նաեւ լուծման յանգելու իմաստով տակաւին չերեւցող հորիզոններու լոյսին տակ:

Համախմբումը խստիւ դատապարտեց նաեւ Այնաթայի մէջ չորս լիբանանցի քաղաքայիններու դէմ գործուած բռնարարքը` հաստատելով, որ ե՛ւ Կազայի, ե՛ւ հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլ պատերազմական ոճիրներ կը գործէ:

Համախմբումը մերժեց իսրայէլեան յաւելաբանութիւնները, որոնց համաձայն` Լիբանանը եւս իսրայէլեան հող կը նկատուի: «Նման յայտարարութիւններ պատմութեան խեղաթիւրում կը նկատուին եւ ցոյց կու տան Իսրայէլի ծաւալապաշտական նպատակը, ինչ որ վտանգաւոր է եւ հողային տագնապը կրնայ վերածել կրօնական ու քաղաքակրթական տագնապի, որուն հետեւանքները աննախատեսելի են: Ճշմարտութեան հակադրուող իսրայէլեան այդ յայտարարութիւնները Լիբանանը կը ներկայացնեն հակառակ անոր ինքնութեան, որն է բազմազանութիւնը, ներողամտութիւնը, հանդուրժողականութիւնն ու տարբեր քաղաքակրթութիւններու գոյակցութիւնը, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւնը», նշուեցաւ համախմբումին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Համախմբումը զարմանք յայտնեց բանակի հրամանատարութեան թղթածրարին առնչութեամբ ստեղծուած աղմուկին համար` շեշտելով, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը սահմանադրութեան, ինչպէս նաեւ որդեգրուած օրէնքներուն կը հակադրուի: Համախմբումը շեշտեց նաեւ, որ բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգելու պարագային բանակի երկփեղկումին, ինչպէս նաեւ անոր կատարուող օժանդակութիւններուն կասեցումին մասին յայտարարութիւնները չափազանցուած են եւ քաղաքական ենթահողի վրայ հիմնուած:

Համախմբումը ընդգծեց, որ կը մերժէ իշխանութեան եւ վարչական ոեւէ պաշտօնեայի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` աւելցնելով, որ գոյութիւն ունին օրինական կարգ մը լուծումներ` խուսափելու համար լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան իմաստով դատարկութեան փուլ թեւակոխելէ:

Համախմբումը հաստատեց նաեւ, որ նախագահական ընտրութիւնը, որ աւելի քան տարիէ մը ի վեր կը յետաձգուի, դարձած է անհրաժեշտութիւն, եւ պէտք է անմիջապէս իրագործել ընտրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին նոր իշխանութիւնը կազմել` դէմ դնելու համար Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրներուն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի Նախագահեց Սննդեղէնի Ապահովութեան Նիստի Մը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.