«Նահատակի Օր»-ուան Առիթով Սէյիտ
Նասրալլա Այսօր Կ՛արտասանէ Այլ Ճառ Մը
Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ իսրայէլեան զինուորական դիրքերուն եւ հաղորդակցութեան սարքերուն դէմ հասցուած վնասներէն ետք, իսրայէլեան բանակը սաստկացուց հարաւային Լիբանանի ռմբակոծումները:
Իսրայէլեան ռմբակոծումներուն վատագոյնը երէկ կէսօրէ ետք Մէյսէլ Ժապալ հիւանդանոցին ռմբակոծումն էր, որ պատճառած էր շտապ օգնութեան բաժանմունքի քանդումը:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հաստատեց, որ Մէյսէլ Ժապալ հիւանդանոցին ռմբակոծումը մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է, որուն պատճառով բժիշկ մը վիրաւորուած է եւ նիւթական վնասներ արձանագրուած:
«Եթէ Աստուծոյ նախախնամութիւնը չըլլար, ապա անիկա կը վերածուէր սպանդի մը», ըսաւ Պու Հապիպ` աւելցնելով, որ դիտմամբ հիւանդանոցները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու քաղաքականութիւնը իսրայէլեան մշակոյթ է:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Մէյսէլ Ժապալի հիւանդանոցին ռմբակոծումը` շեշտելով, որ Իսրայէլ պատասխանատու է հոն գտնուող հիւանդներուն կեանքը վտանգի ենթարկելու արարքին:
Նշենք, որ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ճառ մը պիտի արտասանէ` «Նահատակի օր»-ուան առիթով:
Երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց վիտէոներ, որոնք ցոյց տուին, թէ ինչպէ՛ս Տովիվի դիրքին մէջ իսրայէլեան զինուորական դիրք մը ռմբակոծումի թիրախ կը դառնայ:
Դիմադրութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց նաեւ այլ վիտէօ մը, որուն մէջ վաւերագրուած են Մթըլլէի զինուորական դիրքին հասած հարուածն ու անոր պատճառած մարդկային եւ նիւթական վնասները:
Կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները իսրայէլեան բանակի խմբաւորում մը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած են` Ասիի դիրքին մէջ:
Երեք ժամ ետք Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց Ժարտահի եւ Պըրքեթ Ռիշայի իսրայէլեան զինուորական կեդրոնները:
Աւելի ուշ, Դիմադրութիւնը տեղեկացուց, որ ռմբակոծած է Հատպ Պուսթանը եւ Ռամիմի իսրայէլեան զինուորական դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:
Յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին իսրայէլեան հետեւակազօրք մը, որ կը գտնուէր Շթուլա բնակեցման վայրին մէջ:
Քիչ անց իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտարարեց, որ անօդաչու թռչող երեք սարքեր Լիբանանէն օդային սահմանները խզելով հասած են Գալիլիա:
Հըզպալլա հաստատեց այս տեղեկութիւնը` շեշտելով, որ Դիմադրութիւնը անօդաչու թռչող երեք սարքերով յարձակումներ գործած է իսրայէլեան Եաֆթահ Քտէյշ զինուորական դիրքին եւ Հեցոտաթ Եուշեհ բնակեցման վայրին վրայ:
Իսրայէլեան ուժեր նախանցեալ գիշեր լուսաւորող ռումբեր արձակեցին Մանարայի, Ուատի Հաունինի, Ահմատիէի, Եարինի, Պասաթինի եւ Ապատի շրջաններուն վրայ, միաժամանակ «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործելով Մազարեհ Շեպաայի, Քֆարշուպայի բարձունքներուն, Հասպայայի գիւղաքաղաքներուն եւ Արքուպի վերեւ:
Ուշ գիշերին, իսրայէլեան բանակին օդուժը ռմբակոծեց Նաքուրան, Ալմա Շաապը, Այթարունը, Ռամիան, Պլիտան, Լապպունէն, Մաժիտիէն, Պասթրան, ինչպէս նաեւ Պայյատան, առանց մարդկային վնասներ պատճառելու:
Իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Ժըրմոքի, Այշիէի, Սուժուտի, Տհայրայի, Պուսթանի եւ Լահտի կամուրջի շրջակայքը:
Երէկ առաւօտեան իսրայէլեան բանակը հրետակոծեց Ռամիան, Այթա Շաապը, Մարուն Ռասը, Այթարունը, Օլլէյք հովիտը եւ Պլիտան:
Յետմիջօրէին յայտնուեցաւ նաեւ, որ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած է Հուլան:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց Այթա Շաապի շրջակայքը, Քֆարհամամը, Եաթերը, Եարունն ու Քֆարշուպան:
Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 5 իսրայէլացի զինուորներ ծանրօրէն վիրաւորուած են` Մանարայի զինուորական դիրքին վրայ հակահրասայլային հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով գործուած յարձակումներուն պատճառով:
Հըզպալլա երէկ յայտնեց, որ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ նահատակուածներ»-ու փաղանգին միացած են 7 մարտիկներ: Անոնք են. Ալի Խալիլ Ալի, Մոհամետ Ալի Ապպաս Ասսաֆ, Ապտել Լաթիֆ Հասան Սուէյտան, Մոհամետ Քասեմ Թլէյս, Ժաուատ Մեհտի Հաշեմ, Ժաաֆար Ալի Սարհան եւ Քասեմ Մոհամետ Աուատա:


