Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 3000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը նուազած է 8000 լ. ոսկիով, ինչպէս նաեւ պիւթակազին սակը նուազած է 2000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.591.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.631.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.665.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 958.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Պէյրութի երկխօսութեան ֆորումի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը ընդգծեց Կազայի մէջ իսրայէլեան բռնարարքները անմիջապէս կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը Կազայի պատերազմէն զերծ կացուցելու կարեւորութիւնը:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկան կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարութեան թղթածրարը զերծ կացուցելու քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ բանավէճերէն:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Էնտրիւ Պառնզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Քննարկուեցան նաեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու ապահովութեան ուժերուն իրավիճակը: Մաուլաուիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Մարուան Համատէ, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ասաատ Տըրղամ եւ Շարպել Մարուն: Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւններն ու իւրաքանչիւր երեսփոխանի ներկայացուցած շրջանին կարիքները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Իսրայէլ իր ունեցած զինուորական ուժին մէկ երրորդը օգտագործած է Լիբանանի դէմ, իսկ Դիմադրութիւնը պաշտպանած է Լիբանանը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Պաղեստինեան հողերուն եւ Լիբանանի մէջ պատահած դէպքերը կը հաստատեն բռնարարքները ընդարձակելու թշնամի Իսրայէլին միտումը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի կոչ ուղղեց Լիբանանը զերծ կացուցելու ապահովական մագլցումներէն եւ պատերազմներէն: Ան շեշտեց, որ հարաւային Լիթանիի մէջ գտնուող զինեալները պէտք է նահանջեն եւ հոն լիբանանեան բանակ տեղակայուի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին համաձայն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր համակարգող Օմրան Ռիզան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իմաստով արձանագրուած քաղաքական զարգացումները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտեց Համասի եւ թշնամի Իսրայէլի միջեւ գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն իմաստով իր ունեցած դերակատարութեան մասին: «Կ՛ուղղուինք դէպի նոր Միջին Արեւելք մը, որ աւելի արդար է եւ ուր պիտի իրականանայ միակ պետութեան` Պաղեստինեան պետութեան լուծումը», ըսաւ ան:

Նախորդը

Նեթանիահու. «Կազայի Մէջ Զինադադար Պիտի Չհաստատուի Առանց Մեր Գերիներու Ազատ Արձակման»

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Է Դադրեցնել Որեւէ Գործարք, Որ Կը Միտի Տեղահանուածները Լիբանանի Մէջ Հաստատել» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.