Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ փոխադարձ ռմբակոծումները արդէն իսկ բոլորած են մէկ ամսուան ժամանակաշրջան, որուն նախօրեակին, այսինքն` երէկ բախումներն ու փոխադարձ հրթիռակոծումը սաստկացան:
Մինչ բուռն ռմբակոծումները կը շարունակուէին, եւ իսրայէլեան օդուժը անդադար թռիչքներ կը գործէր հարաւային Լիբանանի վերեւ, Պլիտայի մէջ յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ
Այնաթայէն Այթարուն փոխադրուող քաղաքացիական ինքնաշարժին ռմբակոծումին պատճառով զոհուած քոյրեր Ռիմասի, Լայանի եւ Թալին Շուրի եւ անոնց մեծ մօր` Սամիրա Ապտել Հիւսէյն Այուպի:
Յուղարկաւորութեան ընթացքին խօսք առաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, որ հաստատեց, թէ Դիմադրութիւնը քաղաքայիններուն դէմ գործուած բռնարարքներուն դիմաց բարեացակամ պիտի չգտնուի:
Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 5:45-ին լիբանանեան բանակը Խարտալիի մօտ փակեց Նապաթիէ-Մերժահիուն ճամբան` ապահովական ներկայ պայմաններուն մէջ երաշխաւորելու համար քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը:
Իսկ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ շարունակեն իրենց բռնարարքները, ապա պատերազմին ծիրը պիտի ընդարձակուի: Ան դիտել տուաւ, որ Հըզպալլա Իսրայէլին կը դիմադրէ Կազայի վրայ բանեցուող ճնշումը նուազեցնելու նպատակով:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակին դիմաց արգելքներ եւ սահմաններ չկան` աւելցնելով, որ եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա սխալի, ապա Իսրայէլ պիտի որոշէ Լիբանանի ճակատագիրը:
Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա զինուորական կեդրոնը:
Կէս ժամ ետք, Դիմադրութիւնը հակահրետանային հրթիռ մը արձակեց արեւմտեան Գալիլիոյ իսրայէլեան Շումրա կեդրոնին դէմ:
Յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին հարաւային Լիբանանէն Գալիլիոյ դէմ ռմբակոծում կատարուեցաւ:
Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն հաստատեց, որ իսրայէլեան օդուժը երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ռմբակոծած է Հըզպալլայի դիրքերը, ինչպէս նաեւ այն շրջանները, ուրկէ Դիմադրութիւնը դէպի Իսրայէլ հրթիռներ կ՛արձակէ:
Ատրահի շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերը հրետակոծած են նաեւ Հըզպալլայի կեդրոնները` փճացնելով արհեստագիտական սարքեր, ինչպէս նաեւ զէնքի ու զինամթերքի պահեստանոց մը:
Առաւօտեան ժամը 8:30-ին զգուշաւոր լռութիւն մը կը տիրէր հարաւային սահմանագիծին վրայ, սակայն իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր կը շարունակէին թռիչքներ գործել Մազարեհ Շեպաայի, Արքուպի, Քֆարշուպայի բարձունքներուն, ինչպէս նաեւ Ժապալ Շէյխի, Հասպայայի, Արեւմտեան Պեքաայի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Արամթայի բարձունքներուն վերեւ:
Կէս ժամ ետք իսրայէլեան կործանիչներ ռմբակոծեցին Լապպունէի լեռը, իսկ օդուժը շարունակեց իր թռիչքները` Սուրի եւ ծովեզերեայ շրջանին վերեւ:
Առաւօտեան ժամը 9:15-ին իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի Մհայպիպ եւ Այթարուն գիւղաքաղաքները:
Իսրայէլեան բանակը Գալիլիոյ բնակիչներուն կոչ ուղղեց ապաստանարաններէն չհեռանալու` զգուշացնելով ապահովական անակնկալ դէպքէ մը:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակի հրետանի մը ռմբակոծումի թիրախ դարձուց լիբանանեան հողերուն վրայ գտնուող բջիջ մը, որ կը փորձէր հակահրետանային հրթիռ մը արձակել դէպի իսրայէլեան Շթուլա բնակեցման վայր:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին իսրայէլեան ուժեր հրետակոծեցին հարաւային Լիբանանի բացատները, ինչպէս նաեւ Խարտալին, Ռամիան եւ Այթա Շաապը:
Երեկոյեան ժամը 5:18-ին հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ կը գործէ Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն վերեւ:
Նոյն պահուն իսրայէլեան հրետանին բուռն կերպով ռմբակոծեց Լապպունէի անտառները, իսկ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը թիրախ դարձուց Ռաս Նաքուրայի մէջ լիբանանեան բանակին պատկանող նշանառութեան տարածքը:
Հոքշթայնի Անակնկալ Այցելութիւնը Լիբանան
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի անձնական պատուիրակ, Ուժանիւթի ապահովութեան հարցերու ամերիկացի աւագ խորհրդատու Էյմըս Հոքշթայն, որ նաեւ ստանձնած էր հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող բանագնացի պաշտօնը, երէկ անակնկալ այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան:
Ան այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին արձանագրուած ապահովական մագլցումները:
Հանդիպումէն ետք Հոքշթայն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն չ՛ուզեր վկայել Կազայի ապահովական մագլցումներուն դէպի Լիբանան տեղափոխուիլը:
Ան կոչ ուղղեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի ամբողջական գործադրութեան:
«Այսօր Լիբանան եկայ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներուն համար Լիբանանն ու լիբանանցիները շատ կարեւոր են, յատկապէս այս դժուար օրերուն», ըսաւ ան` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհուած քաղաքայիններու հարազատներուն:
Հոքշթայն շեշտեց, որ Պըրրիի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ ան լսած է տիրող կացութեան մասին խորհրդարանի նախագահին տեսակէտը եւ անոր ներկայացուցած Միացեալ Նահանգներու ի գործ դրած ջանքերը` Կազայի պատահարներուն Լիբանան փոխադրութիւնը արգիլելու իմաստով:
Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ հանդարտութիւնը պահելը Ուաշինկթընի համար շատ կարեւոր է, «անիկա կարեւոր պէտք է նկատուի նաեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի համար եւս. այդ պատճառով է, որ թիւ 1701 բանաձեւը մշակուած է», աւելցուց ան:
Հոքշթայն այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, ինչպէս նաեւ Միքաթիի խորհրդականներ Նիքոլա Նահհասի եւ Զիատ Միքաթիի:
Հոքշթայն յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը յանձնարարուած է նախագահ Պայտընի կողմէ` քննարկելու համար հարաւային Լիբանանի կացութիւնը:
Ան նշեց, որ իր քննարկումներուն ընթացքին շօշափած է, թէ Լիբանան եւ Իսրայէլ չեն փափաքիր կացութիւնը մղել դէպի յաւելեալ մագլցում:
Հոքշթայն կոչ ուղղեց բոլորին յարգելու թիւ 1701 բանաձեւը եւ ամբողջութեամբ գործադրելու զայն:
Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի լիբանանեան բանակին` լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը հաստատելու ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Հոքշթայն հաստատեց, որ ներկայիս ճիգ չի խնայուիր Կազայի մէջ զինադուլ հաստատելու իմաստով:
Նշենք, որ Հոքշթայն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` ներկայութեամբ Շիայի:
Քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող իրավիճակն ու հարաւային Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները:
Հոքշթայն այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի: Քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանը Կազայի պատերազմէն զերծ կացուցելու միջոցները: