Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ քաջութիւնը քանդիչ պատերազմ յայտարարելուն մէջ չի կայանար, այլ` խաղաղութիւն հաստատելու արդար լուծման մը յանգելու մէջ: «Արդեօք կա՞յ աւելի վտանգաւոր ժամանակաշրջան մը, որ պատասխանատուները մղէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու», հարց տուաւ Աուտէ եպիսկոպոսը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ շաբաթավերջին ստուգեց Արեւմտեան Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Ժեզզինի եւ Հասպայայի կարգ մը ներքին փողոցները: Այս այցելութիւններուն ընթացքին ան շեշտեց, որ Կազայի մէջ գործուող իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմադրելը մարդկութեան կողքին կանգնելու համազօր է: Ան հաստատեց, որ իրենք մտահոգ չեն, այլ` զգուշաւոր: «Իսրայէլեան ռմբակոծումները արգելք պիտի չհանդիսանան, որ մենք կարենանք այցելել մեր երկրին տարբեր շրջանները», ըսաւ ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քերիմ Քապպարա ընդունեց Լիբանանի մէջ Համաս շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ահմետ Ապտել Հատիի: Քննարկուեցան Կազայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները: Ներկաները հաստատեցին անմիջական զինադուլ յայտարարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլը անոր գործած պատերազմական ոճիրներուն համար հաշուետուութեան կանչելու անհրաժեշտութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Համաս շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ահմետ Ապտել Հատիի: Հանդիպումին ընթացքին Քարամէ հաստատեց, որ Կազան արաբներուն ցաւն է ու փառքը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Էլիաս Ժրատէ յայտնեց, որ Արաբական լիկայի արտակարգ վեհաժողովին որոշումները խիստ բարձր ոճի էին, սակայն պատերազմին ձայնը տակաւին աւելի գերակշիռ է, քան` այդ որոշումները: Ան կոչ ուղղեց տրուած որոշումները գործադրութեան դնելու: Ժրատէ յայտնեց, որ լիբանանեան հարաւային սահմանագիծին վրայ Դիմադրութեան ցարդ ցուցաբերած ընթացքը իմաստուն է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց ընդառաջելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ջանքերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել բանակի հրամանատարութեան պաշտօնին մէջ ստեղծուելիք թափուր վիճակին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային շահերը կը գերազանցեն ամէն բան` աւելցնելով, որ այս նկատառումով է, որ համախմբումը լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու օրինագիծ ներկայացուցած է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մըլհեմ Հուժէյրի յայտնեց, որ Արաբական լիկայի վեհաժողով մը, որ իր զօրակցութիւնը չի յայտներ Դիմադրութեան, պէտք է նետել պատմութեան աղբանոցին մէջ, անոր որոշումներով միասին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ առիթը առկայ է փշրելու կարգ մը արգելքներ, որոնք կը խոչընդոտեն նախագահական ընտրութեան կայացումը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Կազայի մէջ Դիմադրութիւնը հզօր է եւ կրնայ յաղթանակ արձանագրել:

ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը գետնի վրայ հզօր ուժ է` աւելցնելով, որ անիկա իրաւացի ուժ է եւ Երուսաղէմի ճամբուն վրայ տասնեակ նահատակներ մատուցած : Ան կոչ ուղղեց արաբական երկիրներու ղեկավարներուն վերադառնալու իրենց խիղճերուն: Հաժ Հասան ընդգծեց, որ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը փոփոխութեան ենթարկած է զինուորական եւ ապահովական իրականութիւնները` աւելցնելով, որ առանց զոհողութիւններու կարելի չէ յաղթանակ արձանագրել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի ըլլայ մեծագոյն պարտուողը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ, իր խօսքը ուղղելով Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթին ըսաւ. «Փակ պահէ՛ բերանդ, վերատեսութեան ենթարկէ՛ հաշիւներդ եւ գիտցի՛ր, որ սպառնալիքներդ Լիբանանի մէջ արձագանգ չեն գտած: Այս բոլորը կը պարտինք Դիմադրութեան մարտիկներուն, որոնք նահատակութեան գնով կը պաշտպանեն երկրին սահմանները», ըսաւ ան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ իսրայէլեան յարձակումներու շրջագիծի որեւէ ընդարձակում պիտի արժանանայ Դիմադրութեան հատու եւ վճռական հակադարձութեան:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան կոչ ուղղեց դիւրացնելու նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Խալետ Հատատէ հաստատեց, որ ժամանակն է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը չեղեալ նկատելու: Ան հաստատեց, որ իրենց պարտականութիւնն է Կազայի եւ պաղեստինցի ժողովուրդին կողքին կանգնիլ:

 

Նախորդը

Նեթանիահու Համասի Մօտ Գտնուող Գերիներու Ազատ Արձակման Համաձայնութեան Գոյացումը Հաւանական Կը Նկատէ

Յաջորդը

Ռայի. «Եկեղեցին Չի Կրնար Ձեռնածալ Մնալ, Երբ Պատասխանատուները Կը Թերանան Ժողովուրդին Շահերը Իրականացնելու Իրենց Պարտականութեան Մէջ»

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?