Քաթարի Մէջ. Ամին Սալամ Քաապիի Հետ Կը Քննարկէ Ուժանիւթի Վերաբերող Հարցեր
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի ուժանիւթի նախարար Սաատ պըն Շարիտա Քաապիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ուժանիւթի վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ Քաապի հաստատեց, որ Քաթար պատրաստ է Լիբանանին տրամադրելու, այլ խօսքով` Լիբանանի համար կառուցելու այլընտրանքային ուժանիւթի երեք գործարաններ` ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութեան հետ գործակցաբար: Սալամ յայտնեց, որ ուժանիւթի սղաճը պատճառ կը դառնայ,...



















