Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Քառօրեայ Զինադուլի Գործադրութեան Զուգահեռ. Հայեացքները Կեդրոնացած Են Զինադուլէն Ետք Ճակատներու Պարզելիք Զարգացումներուն Ուղղութեամբ

Նոյեմբեր 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Աքսայի Ջրհեղեղ»-ի բռնկումին 48-րդ օրուան սկսած առաջին ժամանակաւոր զինադուլը առանցքային զգուշաւոր ուշադրութեան կիզակէտը դարձաւ առնչակից տեղական թէ արտաքին շրջանակներու կողմէ: Զգուշաւոր, որովհետեւ  պատկան կողմերու մեծ մասը վերապահ է հակառակորդի զինադուլի իրականացման քայլերու յանձնառութեան ու պարկեշտութեան գծով: Վերապահութիւնը  անհիմն չէ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի յայտարարութիւնը` պատերազմը երկու ամիսով շարունակելու մինչեւ «յաղթանակի իրագործումը»: Նմանօրինակ յայտարարութեամբ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը, թէ` պատերազմը պիտի շարունակուի, մինչեւ Համասի կողմէ արգելափակուած բոլոր  պատանդներու արձակումը:

Լիբանան իր կարգին վերապահ է եւ զգուշաւոր, թէ որքանո՞վ այս զինադուլը կրնայ հարթել բախումներու վերջնական կասեցման շուրջ լուրջ համաձայնութեան ճամբան: Այս իմաստով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ թերահաւատ ու զգուշաւոր կերպով արտայայտուեցաւ զինադուլի լրջութեան գծով` մտավախութիւն յայտնելով, որ «կը գտնուին իսրայէլեան յարձակման սկզբնաւորութեան սեմին»: Աւելի՛ն, ըստ դիւանագիտական իրազեկ աղբիւրներու, զինադուլի նախօրեակին իսրայէլեան բուռն յարձակումները Լիբանանի հարաւային սահմաններուն ուղղութեամբ «անուղղակի պատգամ» էին Հըզպալլային հարիւր քմ երկարութեամբ նշեալ սահմանագիծէն հեռացնելու իր պատերազմական ընտրանի ջոկատը` «Ռըտուանի ուժերը», որոնք կը հաշուեն երեքէն չորս հազար զինեալ: Պայման-պատգամ մը, որ անընդունելի կրնայ նկատուիլ Հըզպալլայի կողմէ, որուն նորագոյն զոհերուն շարքին էր «Ռըտուանի ջոկատ»-ի հրամանատար Ապպաս Ռաատը: Նմանապէս` Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նոյնքան կարծր ոճով ելոյթ ունեցաւ` յայտարարելով, թէ կարելի չէ կայունութիւն հաստատել Միջին Արեւելքի մէջ նախքան Իսրայէլի սիոնական ցեղապաշտութեան շիջումը:

Արտաքին կողմեր եւս որոշ մտահոգութիւն յայտնեցին զինադուլի պայմաններու գործադրութեան գծով: Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Կուիտօ Քրուզիթօ մտավախութիւն յայտնեց ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ջոկատներու կացութեան գծով հարաւի մէջ: Ան յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ շրջան` յատուկ խորհրդակցութիւններ ունենալու այս մասին: Ֆրանսացի պատուիրակ Լը Տրիանի մօտերս շրջան այցելութեան կողքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար, Միջին Արեւելքի բաժանմունքի պետ Միխայիլ Պոկտանով երէկ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ այլ պատասխանատուներու հետ` թախանձագին թելադրելով պահպանելու հարաւի խաղաղութիւնը եւ խուսափելու բախումներու սաստկացման քայլերէն:

Իրերու այս դրութեան մէջ կը թուի, թէ ներքին ճակատի «հրատապ» հարցերը առայժմ առկախուած են` սպասելով բախումներու ստանալիք կամ պարզելիք դրական թէ ժխտական զարգացումներուն: Այս ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այցելուներուն հետ քննեց յառաջիկայ դեկտեմբերի կէսէն առաջ խորհրդարանի նիստ մը գումարելու հարցը` օրուան առաջնահերթ հարցերու` նախագահի ընտրութեան, բանակի ընդհանուր հրամանատարի կարգավիճակի որոշման եւ այլ հիմնահարցերու քննարկման համար:

Նախորդը

Կազայի Մէջ Ժամանակաւոր Զինադադարի Համաձայնութիւնը Մուտք Գործեց Գործադրութեան Փուլ

Յաջորդը

Երեսփոխանական Գրասենեակի Ջանքերով Հայկական Կարգ Մը Շրջաններու Լուսաւորումի Աշխատանք

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?