Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն. «Հայրենիքին Կայունութիւնն Ու Ազգային Համերաշխութիւնը Կը Պահպանէք Անտեսելով Կասկած Առթող Արշաւները»

Նոյեմբեր 22, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին առիթով, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ օրուան հրահանգին մէջ յայտնեց, որ բանակը անշեղ կը մնայ ազատութեան ու զոհողութեան իր նշանաբանէն եւ իր խիղճով կը վերադառնայ դէպի փայլուն փուլեր` նորահաս սերունդներուն պատմելով այն հայրենիքին մասին, որուն անունը պատմութեան խորերուն մէջ փորագրուած է:

«Հայրենիք մը, որուն համար մեր նախնիները պայքարած են, որովհետեւ անոնք զայն նկատած են վերջնական հայրենիք, որ կ՛ընդգրկէ իրենց երազներն ու զաւակներուն ապագան: Մեր նախնիները իրենց ամէնէն թանկագինը զոհած են Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ իր արդի պատմութեան ընթացքին Լիբանանին վիճակուած է դիմագրաւել մեծ թիւով մարտահրաւէրներ, տագնապներ, ինչպէս նաեւ իրերայաջորդ արիւնալի բախումներ: «Այսօր եւս կը գտնուինք շատ վտանգաւոր փուլի մը սեմին, որովհետեւ թշնամի Իսրայէլ կը շարունակէ ահաւոր սպանդներ եւ աննախընթաց բռնարարքներ գործել պաղեստինցիներուն դէմ, ինչպէս նաեւ ոտնձգութիւններ գործել լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` միջազգային օրէնքով արգիլուած ռումբերով թիրախ դարձնելով հարաւային Լիբանանի մեր գիւղաքաղաքներն ու ընտանիքները: Իսրայէլ տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ մեր հողերը: Միաժամանակ Լիբանան կը դիմագրաւէ հսկայական մարտահրաւէրներ, որոնք իրենց հետեւանքները կ՛ունենան պետական հաստատութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ բանակին վրայ: Բանակը այսօր կը գտնուի անկիւնադարձային եւ զգայուն փուլի մը մէջ` նկատի ունենալով քաղաքական տարակարծութիւններն ու բանավէճերը, մինչդեռ ազգային գերագոյն շահերը կ՛ենթադրեն չդպչիլ բանակին, այլ` երաշխաւորել անոր հետեւողականութիւնը, միասնականութիւնը եւ բարձր պահել զինուորականներուն տրամադրութիւնը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն յայտնեց նաեւ, որ բանակը կը պահպանէ հայրենիքին կայունութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը` անտեսելով կասկած առթող արշաւները, որոնք ցնորքներ են եւ բանակայիններու զոհողութիւններուն դիմաց փուլ կու գան: «Այս առիթով անկարելի է մոռնալ հայրենիքին համար զոհուած նահատակներուն յիշատակը», յայտնեց ան:

Զօր. Աուն լիբանանեան բանակին ուղղելով իր խօսքը շեշտեց, որ զինուորներուն մղած գոյապայքարն ու անոնց զոհողութիւնները լիբանանցիներուն ուժ ներշնչող աղբիւրներ են` աւելցնելով, որ անոնք պէտք է կազմ ու պատրաստ ըլլան` իրենց պարտականութեան մէջ` անցընելու համար երկրին դիմագրաւած այս դժուար եւ վտանգաւոր փուլը, որ լեցուն է Լիբանանի դէմ թշնամի Իսրայէլին կատարած սպառնալիքներով:

«Պիտի մնանք Լիբանանի դարպասներուն եւ մեր քաղաքացիներուն անվտանգութեան հսկող վահանը` բարձր պահելով մեր դրօշը եւ զայն վերածելով Արեւելքի աւանդներուն խորագիրին», ընդգծեց ան:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որ հաստատեց, թէ Լիբանանի նկատմամբ քաթարեան զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած ներկայ արտակարգ պայմանները:

Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարին` բանակին նկատմամբ անոր ցուցաբերած օժանդակութեան համար:

Նախորդը

«Լեռնալիբանանի Կալուածներու Արձանագրութեան Պետական Հաստատութիւններուն Հարցը Պէտք Է Անյապաղ Լուծել» Շեշտեց Խազեն

Յաջորդը

Պայտըն Կը Խոստանայ Լիբանանի Հետ Գործակցիլ` Խաղաղութիւնը Պահպանելու Համար

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?