ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը այս ամսուան ընթացքին ձախողեցուց 600 սուրիացի գաղթականներու ապօրինի մուտքը Լիբանան:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 1000 լ. ոսկիով, մազութինը` 10.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազինը` 5000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.565.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.605.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.551.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 936.000 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Մոհամետ Նուր Ռահման Շէյխը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-հնդկական յարաբերութիւնները ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը սերտացնելու հեռանկարները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը խորհրդատուական եւ հետախուզական բնոյթ պիտի ունենայ: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Լը Տըրիան լիբանանցիները պիտի համոզէ պատերազմի մէջ չներքաշուելու: Միւս կողմէ, Համատէ շեշտեց, որ մեծագոյն վտանգը կը մնայ պատերազմի շրջագիծին ընդարձակումը` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան բանակը ոչ մէկ յաղթանակ արձանագրած է, եւ անոր միտումները կը մնան անյստակ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ տիրող լարուածութիւնն ու անոր արձանագրելիք մագլցումի հաւանականութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած են Կազայի մէջ տիրող իրավիճակին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով ոչ մէկ լուծումի կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ, եթէ մեծամասնութեան մօտ համախոհութիւն չգոյանայ այսպէս կոչուած երրորդ ընտրանքին շուրջ: Ան նշեց, որ համախմբումի նիստերուն ընթացքին նախագահական թեկնածուներու մասին չի խօսուիր` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յանձնառու կը մնայ թեկնածուներուն անունները չայրելու:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Թոնի Քահուաժիի հետ: Ապտալլա պահանջեց խստացնել հսկողութիւնը` ելեկտրականութեան ցանցէն կատարուող աւազակութիւնները զսպելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Հունգարիոյ սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Կապոր Պորոնտին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ժոզեֆ Կուլիասի: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան եւ հունգարական բանակներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները: Պորոնտի դրուատեց լիբանանեան բանակին առաքելութիւնը` հակառակ անոր դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն, եւ շեշտեց, որ Հունգարիա պիտի շարունակէ լիբանանեան բանակին օժանդակել, որպէսզի ան շարունակէ իր գործունէութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Իսրայէլ շրջափակուած է կրակով եւ ձախողութիւններով: Ան նկատել տուաւ, որ Դիմադրութիւնը իր կերտած յաղթանակներով պիտի կերտէ շրջանին ապագան: