Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին առիթով, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ շնորհաւորագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն, որ շեշտեց, թէ իրենք Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի իրենց գործընկերներուն հետ պիտի գործակցին` խաղաղութիւնը պահպանելու եւ պատերազմին շրջագիծը չընդարձակելու համար:
Պայտըն շեշտեց, որ Ուաշինկթըն յառաջիկայ տարուան ընթացքին Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները աւելի եւս պիտի ամրապնդէ` շրջանի ժողովուրդներուն համար աւելի բարգաւաճ ու ապահով ապագայ մը երաշխաւորելու համար:
Միքաթի շնորհաւորագիր մը ստացաւ նաեւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորէն, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն:
Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով. քննարկուեցան լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Միքաթի ընդունեց Փտածութեան դէմ պայքարի ազգային խորհուրդի նախագահ դատաւոր Քլոտ Քարամը, որուն հետ քննարկեց խորհուրդի աշխատանքին դժուարութիւնները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Պասսամ Պըտրան: