Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տըրիանի Լիբանան Կատարելիք Այցելութեան Առընթեր` Կառավարութիւնը Կը Գումարէ Իր Նիստը

November 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները կը սպասեն ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարելիք այցելութեան, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը հրաւիրեց ժողովի մը, որ պիտի գումարուի վարչապետարանին մէջ, չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2023-ին` քննարկելու համար կարգ մը հարցեր:

Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա յայտնեց, որ Միքաթին տեղեակ պահած է Նիւ Եորքի մէջ գումարուած Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքէն, որ կը վերաբերէր ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

Վրոնեցքա նշեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ շրջանին մէջ ընթացող պատերազմէն Լիբանանը պաշտպանելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն մէջ բարեկարգումներ իրագործելու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

«Ապահովութեան խորհուրդին համար Լիբանանը կարեւոր է եւ անիկա շրջանին մէջ ռազմավարական դերակատարութիւն ունի: Այս իմաստով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կեցուածքը միացեալ է», շեշտեց Վրոնեցքա:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի:

Նշենք, որ շաբաթավերջին Միքաթի այցելած էր Թուրքիա, ուր հանդիպում մը ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի յոյս յայտնած էր, որ Կազայի զինադադարը երկարաձգուի, որպէսզի Լիբանան հանդարտ եւ ապահով մնայ:

Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատած էր, որ Լիբանան կը մերժէ պատերազմը, որովհետեւ խաղաղութեան ջատագով է, «սակայն միաժամանակ կը մերժենք, որ լիբանանեան հողերը պղծուին», ըսաւ ան:

Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան կը զօրակցի Պաղեստինեան դատին, սակայն ճիգ պիտի չխնայէ` Լիբանանը արիւնալի ճակատումներէ հեռու պահելու:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Սալամը Եւ Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի

Յաջորդը

Բժանիա. «Փաշինեանի Քաղաքականութեան Պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը Կորսնցուցին Պետականութիւնը, Խախտուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային Ամբողջականութիւնը»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Ազատութիւն` 1890 Օր Ետք»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.