Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմաճակատ Բախումներու Ելեւէջը Կը Վճռէ Շրջանի Ու Լիբանանի Ռազմավարական Հեռանկարը

November 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւելի քան ամիսէ  մը ի վեր շարունակուող «Աքսայի ջրհեղեղը» խորագրեալ Կազայի դէպքերը իրենց մարդուժի թէ նիւթական վնասի հետեւանքներով կիզակէտը դարձած են տեղական թէ արտաքին քաղաքական, դիւանագիտական ու ռազմավարական շփումներուն: Փաստօրէն այդ բախումները իրենց ստեղծած պատերազմական վիճակով դարձան շրջանի, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի քաղաքական ու ապահովական հեռանկարներու որոշման «կողմնացոյցը»: Հոսկէ` շրջանային թէ միջազգային պատկան մարմիններու դիւանագիտական զօրաշարժը բախումներու դադրեցման ու ահաւոր պատկերացումներու կանխարգիլման գծով: Յատկապէս Լիբանան իր հարաւային «ճակատի» բռնկումով կրնայ սաստկացնել բախումները, որոնք կրնան աղէտալի հետեւանքներ ունենալ հակառակորդին, բայց նաեւ` Լիբանանի վրայ: Այս իմաստով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ազդարարած էր, թէ լիբանանեան ճակատի բռնկեցման պարագային «Պէյրութը Կազայի պիտի վերածենք»: Անկախ բախումները սաստկացնող շրջանային այլ գործօններէն (Եմէնի հուսիներուն կողմէ իսրայէլեան նաւու մը գրաւման դէպքը Կարմիր ծովուն մէջ…), ուշագրաւ են շրջանային թէ միջազգային առնչակից կողմերու քուլիսային թէ հրապարակային դիւանագիտական անդուլ ճիգերը` մեղմացնելու սաստկացող բախումները, ուր Լիբանան իր հարաւային «ճակատով» գլխաւոր դեր ունի: Գաղտնիք մը չէ, թէ քաղաքական կայունութեան, ապահովական անդորրութեան առաջադրանքներու կողքին պատկան կողմերու հիմնական մտահոգութիւնը նաեւ նիւթական է, այն իմաստով, որ բախումներու սաստկացումը եւ յատկապէս օդային  թէ ծովային ուղիներու «փակումը» կրնայ հսկայական վնաս պատճառել իրենց եւ Իսրայէլի միջեւ շրջանառուող տնտեսական եւ առեւտրական գործարքներուն:

Այս դիտանկիւնէն պէտք է հետեւիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` պատերազմի կանխարգիլման եւ սաստկացման ճիգերուն: Անոր ներկայացուցիչը` Էյմըս Հոքշթայն մօտերս դարձեալ պիտի ժամանէ շրջան: Իսկ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարը ձեռնարկած է բազմակողմանի շփումներու` առնչակից կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ: Չինաստան իր կարգին վերապահ է եւ կը ջանայ «հանդարտեցնել» պատկան կողմերու տրամադրութիւնները: Այս ծիրին մէջ Չինաստան խոստացած է մէկ միլիոն տոլարի օժանդակութիւն յատկացնել Լիբանանի կարիքաւորներուն: Իսկ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Լուի Լը Տրիան Լիբանանի նախագահական թղթածրարը ձեռքին մօտերս պիտի այցելէ Լիբանան, ուր նաեւ պիտի խորհրդակցի Կազայի դէպքերու լիբանանեան հետեւանքներուն մասին, քաղաքական թէ ապահովական առումով: Նմանապէս` Պրիւքսելի պատկան վարիչներ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ քննարկած են շրջանային պատերազմի հաւանականութեան հետեւանքները Լիբանանի վրայ: Պու Հապիպ այս առիթով շեշտած է բախումներու դադրեցման հրամայականը` ընդգծելով Լիբանանի համակեցութեան առաքելութեան պահպանման կարեւորութիւնը: Դարձեալ եւրոպական առումով խաղաղութեան բարձրաստիճան պատասխանատու մը Պու Հպիպի հետ խորհրդակցելով համաձայնած է արհեստագիտական «թեքնիք» պատուիրակութեան առաքումը Լիբանան` զանազան մարզերու օժանդակութեան գծով:

Տեղական հարթակի վրայ ուշագրաւ էր Շիիներու շիա գերագոյն խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան այցելութիւնը երէկ Պքերքէ, ուր խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Կազայի դէպքերն ու անոնց ապահովական, քաղաքական ու ընկերային հետեւանքները Լիբանանի վրայ: Այս գծով կը նախատեսուի, որ հոգեւոր կղերականներու գերաստիճան մը կայանայ մօտերս այս հարցի աւելի լայնածիր ու մանրամասն քննարկման համար:

Այս հանդիպումը կանխեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի մագոգային այցելութիւնը շրջանի երկիրներուն, յատկապէս` Իրաքի, Լիբանանի եւ Քաթարի ուղղութեամբ: Լիբանանի մէջ ան Հըզպալլայի ղեկավար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ քննարկեց տիրող ընդհանուր իրավիճակն ու կացութեան պատշաճ դիմակալման հիմնական քայլերը: Իրանցի նախարարը նաեւ խորհրդակցութիւն ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Նմանապէս Ռուսիոյ դեսպանը երէկ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ լիբանանցի կարգ մը պատասխանատուներու հետ, ուր առանցքային տեղ գրաւեցին շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Կազայի դէպքերու լոյսին տակ:

Այս մթնոլորտին մէջ կը նախատեսուի, որ այսօր` ուրբաթ, քառօրեայ զինադուլ սկսի, որուն ընթացքին սննդեղէնի եւ դեղորայքի պարէնաւորում պիտի փոխանցուի Կազայի բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի եւ իսրայէլացի արգելափակեալ թէ առեւանգուած գերիներու մասնակի փոխանակում պիտի կայանայ հանգրուանային քայլերով: Այս քայլը իր բարեյաջող արդիւնքով կրնայ խաղաղութեան յոյսի նշոյլ մը դառնալ կողմերու, յատկապէս լիբանանցիներուն, որոնց նորագոյն զոհերէն էին երկու լրագրողներն ու երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի զաւակը` Ապպաս Ռաատը, որուն նահատակութեան առիթով Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահը ցաւակցական բազմաթիւ հաղորդակցութիւններ ստացաւ լիբանանցի թէ արտաքին պատասխանատուներէ:

 

Նախորդը

Կազայի Մէջ Զինադադարը` Այսօր Առաւօտեան Ժամը 7:00-ին

Յաջորդը

«Առանց Ազրպէյճանի Եւրոպայի Մէջ Խաղաղութիւն Եւ Անվտանգութիւն Չէր Ըլլար» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Եւրոպայի Հարցերով Նախարարը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.