Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Սալամը Եւ Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի

Նոյեմբեր 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանական կարգ մը յանձնախումբեր հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 29 նոյեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին:

Խորհրդարանական յանձնախումբերն են` ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի, ինչպէս նաեւ կնոջ եւ երեխայի:

Միացեալ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի օրէնքներուն բարեփոխման, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան հոգատարութեան վերաբերող օրինագիծեր:

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւններն ու հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակը:

Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սալամի` Քաթար կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ Պըրրիի փոխանցած է Քաթարի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած հարցերուն մանրամասնութիւնները:

Սալամ յայտնեց նաեւ ուժանիւթի իմաստով Լիբանանին օժանդակելու մասին Քաթարի առաջարկները:

Ան անդրադարձաւ նաեւ ընկերային մարզին առումով քննարկած իր շարք մը հարցերը, որոնք լուծուելու պարագային կրնան իրենց հսկայական ազդեցութիւնը ունենալ երկրին տնտեսական կացութեան վրայ: «Դրական այս բոլոր տուեալներուն մասին տեղեակ պահեցինք խորհրդարանի նախագահը, որ մեզի զօրակցութիւն յայտնեց` թելադրելով ըլլալ հետեւողական, եւ ամէն ջանք ի գործ դնել ապահովելու համար Լիբանանի գերագոյն շահերը` Լիբանանեան-քաթարեան միացեալ գերագոյն խորհուրդին աշխատանքներուն ընդմէջէն», ըսաւ Սալամ:

Սալամ` Տար Ֆաթուայի Մէջ

Սալամ այցելեց նաեւ Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:

Քննարկումի առարկայ դարձան Սալամի քաթարեան այցելութիւնն ու քաթարցի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Սալամ շեշտեց, որ Քաթար Լիբանանի հանդէպ ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերած է` քաղաքական, ընկերային մարդասիրական եւ հաստատութենական առումով:

 

 

Նախորդը

Պարսելոնայի Մէջ. «Երկու Պետութիւններու Լուծումը Կայունութիւն Եւ Բարգաւաճում Պիտի Պարգեւէ Մեր Շրջանին Եւ Աշխարհին» Շեշտեց Պու Հապիպ

Յաջորդը

Լը Տըրիանի Լիբանան Կատարելիք Այցելութեան Առընթեր` Կառավարութիւնը Կը Գումարէ Իր Նիստը

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?