Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ. «Կը Զօրակցինք Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Քաղաքական Լուծումներուն» Շեշտեց Հաժժար

November 29, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդառաջելով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութեան հրաւէրին` ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար իր մասնակցութիւնը բերաւ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Բնակչութեան եւ բարգաւաճման արաբական խորհուրդի Ե. ընդհանուր ժողովին:

Այս առիթով Հաժժար յայտնեց, որ Լիբանան կը մերժէ բռնի տեղահանութիւնը` ըլլայ ան պաղեստինցիներու պարագային, թէ լիբանանցիներուն` հարաւային Լիբանանի իրենց գիւղաքաղաքներէն: «Կը զօրակցինք արդարութեան վրայ հիմնուած քաղաքական լուծումներուն, որոնք հեռու են հողի բռնաբարումէն», յայտնեց ան:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Հաժժար յայտնեց, որ Լիբանան իր տարածութեամբ եւ բնակչութեան թիւով փոքր երկիր է` աւելցնելով, որ անիկա աշխարհի վրայ առաջին երկիրներէն է` իր բնակչութեան թիւը  բաղդատելով տեղահանուածներու եւ գաղթականներու թիւին, որոնք գրեթէ լիբանանցիներուն կէսին չափ են:

«Այս իրավիճակը լուրջ հարցեր կը ստեղծէ երկրին համար», ըսաւ ան:

Հաժժար կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն ամրապնդելու արաբական համագործակցութիւնը` շրջանին դէմ ծառացող վտանգներուն դիմաց, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել արաբ ժողովուրդներուն եւ արաբական երկիրներուն ապահովութիւնը:

Հաժժար հաստատեց, որ շրջանը բաժնելը` փոքր եւ անհամաձայն պետութիւններու, մերժելի է: Ան մերժեց նաեւ ժողովրդագրական փոփոխութիւններն ու ժողովուրդներուն բռնի տեղահանութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Պատերազմի Եւ Մագլցումներու Որոշումը Իսրայէլի Մօտ Կը Գտնուի»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.