Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Պատերազմի Եւ Մագլցումներու Որոշումը Իսրայէլի Մօտ Կը Գտնուի»

November 29, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ աւարտեց Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած Միջերկրականի համար պետութիւններու համադաշնակցութեան վեհաժողովին բերած իր մասնակցութիւնը:

Վեհաժողովը, որ նուիրուած էր արաբեւիսրայէլեան հարցին, աւարտեցաւ անոր մասնակից արաբական եւ եւրոպական երկիրներուն կողմէ երկու պետութիւններու լուծման տարբերակի եզրակացութեամբ:

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ Պարսելոնայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Դանիոյ, Լիւքսամպուրկի, Սլովենիոյ եւ Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Պու Հապիպ հաստատեց ներքին լիբանանեան, յատկապէս` Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը: Ան աւելցուց, որ պատերազմի եւ մագլցումներու որոշումը Իսրայէլի մօտ կը գտնուի, «որովհետեւ Լիբանան պատերազմ չի ցանկար եւ այդ ուղղութեամբ չի մղուիր», շեշտեց Պու Հապիպ:

Ան կոչ ուղղեց իսրայէլացի պատասխանատուներէն պահանջելու, որ կասեցնեն Լիբանանը քանդելու իրենց սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ ամէնօրեայ դրութեամբ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուող զինուորական խախտումները:

Հռոմի Մէջ

Պու Հապիպ երէկ ուղղուեցաւ Հռոմ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ նշեց, որ համաձայնած են, որ արաբեւիսրայէլեան հարցին պարագային միակ լուծումը պիտի ըլլայ երկու պետութիւններու հիմնումը, ինչպէս նաեւ զինադադարի շարունակականութեան ապահովումը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ յանգիլ ամբողջական զինադուլի:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին շօշափած է Վատիկանի մտահոգութիւնը Լիբանանի եւ հոն տիրող քաղաքական տեղքայլին նկատմամբ, «ինչպէս նաեւ զգալի էր Վատիկանի ցուցաբերած հասկացողութիւնը` տեղահանուածներու թղթածրարին առնչութեամբ Լիբանանի կեցուածքին նկատմամբ», աւելցուց ան:

Նախորդը

Գահիրէի Մէջ. «Կը Զօրակցինք Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Քաղաքական Լուծումներուն» Շեշտեց Հաժժար

Յաջորդը

Սայֆիի Մէջ. Փաղանգաւոր Եւ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւններու Ընդարձակ Հանդիպում

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.