Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարսելոնայի Մէջ. «Երկու Պետութիւններու Լուծումը Կայունութիւն Եւ Բարգաւաճում Պիտի Պարգեւէ Մեր Շրջանին Եւ Աշխարհին» Շեշտեց Պու Հապիպ

November 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ իր մասնակցութիւնը բերաւ Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած Միջերկրականի համար պետութիւններու համադաշնակցութեան վեհաժողովին, նուիրուած` արաբեւիսրայէլեան հարցին:

Այս առիթով Պու Հապիպ յայտնեց, որ կարելի չէ բանակցութիւնները շարունակել առանց ժամանակի հորիզոն մը ունենալու, որովհետեւ անիկա յաւելեալ հարցեր պիտի ստեղծէ:

Ան շեշտեց, որ միջազգային հասարակութիւնը հրաւիրուած է աշխատելու` երկու պետութիւններու լուծումը գործադրելու ուղղութեամբ` նշելով, որ միջազգային ընտանիքը, նման քայլ առնելու պարագային, իսկապէս ողբերգութիւնը  առիթի վերածած կ՛ըլլայ:

«Մենք կարիքը ունինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ տրուելիք բանաձեւի մը, որ երկու կողմերուն ձգտումները կ՛իրականացնէ: Այդ ձգտումներն են` պաղեստինցիներուն անկախութիւնն ու Իսրայէլի ապահովութիւնը: Պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութիւնը «Տոմինօ»-ի ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Երկու պետութիւններու լուծումը կայունութիւն եւ բարգաւաճում պիտի պարգեւէ մեր շրջանին եւ աշխարհին», եզրափակեց Պու Հապիպ:

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ Պարսելոնայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իտալացի իր պաշտօնակիցին` Անթոնիօ Թիանիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ տարբեր քաղաքակրթութիւններու բնօրրան` միջերկրականեան երկիրները պէտք է վերածել շրջանի ժողովուրդներուն եւ քաղաքակրթութիւններուն հանդիպման վայրի, մերձեցումի տարածքի եւ բարգաւաճման շրջանի:

Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարեսի հետ:

Պու Հապիպ նշեց, որ շնորհակալութիւն յայտնած է Սպանիոյ, որ միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ յանձնառու կը մնայ Լիբանանին զօրակցելու: Ան բարձր գնահատեց Սպանիոյ դերակատարութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու իմաստով:

Ան շեշտեց, որ ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին Ալպարեսի Լիբանան այցելութիւնը ողջունելի է:

 

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. «Պէտք Է Անյապաղ Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել» Շեշտեց Խազեն

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Սալամը Եւ Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.