ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տեսպինա Քոքոլոփուլոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պու Սաապ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ շարք մը երեսփոխաններու հետ, որոնց հետ քննարկեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին եւ հանգստեան կոչուելու վերաբերող կարգ մը կանոններ բարեփոխումի ենթարկելու կարելիութիւնները:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա տիւ Վալը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Կազայի մէջ տիրող զարգացումները:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆինլանտայի դեսպան Անն Մեսքանենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող ֆինլանտական զօրամասին դերակատարութիւնը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատա երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ ցաւակցութիւն յայտնեց Դիմադրութեան Լիբանանի եւ Պաղեստինի նահատակներու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի` անոր զաւկին նահատակութեան առիթով: Անդրադառնալով լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան թղթածրարին` Սէյիտ յայտնեց, որ բանակի հրամանատարութիւնը ապահովելու կարելիութիւնը կայ, իսկ հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կամ նոր հրամանատար մը նշանակելու միջեւ տագնապը սխալ է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու յայտնեց, որ ներկայ կառավարութեան կողմէ լիբանանեան բանակի նոր հրամանատարի մը նշանակումին մասին մտածելը շատ վտանգաւոր նախընթաց մը կրնայ ըլլալ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան նոր առաջարկներ կրնայ չներկայացնել, այլ շեշտադրել ներքին լիբանանեան առումով մերձեցում կատարելու տարբեր ձեւերուն կարեւորութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը սկսած է ուղղակի օժանդակութիւն ներկայացնել հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ գիւղաքաղաքներու այն բնակիչներուն, որոնց բնակարանները կամ կալուածները վնասուած են:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա կոչ ուղղեց արագացնելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, որովհետեւ Լիբանան գոյութենական պատերազմի մէջ կը գտնուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ այցելեց հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանները` հաստատելով, որ Դիմադրութեան մատը փլթակին վրայ կը գտնուի` դիմադրելու համար որեւէ յարձակումի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իհապ Մաթար տուաւ հետեւեալ հարցը. «Արդեօք մենք կարիքը չունի՞նք կուսակցական անձնասիրութիւններու զինադուլի մը, որպէսզի պատանդ առնուած լիբանանցիներուն վնասները մեղմացնենք»:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը ո՛չ սակարկութեան համար է եւ ո՛չ ալ փոխանակումի: Ան շեշտեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան այցելութեան նպատակը անյստակ է` աւելցնելով, որ այդ այցելութեան մասին շշուկները ձախողած են եւ ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգին:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ թշնամին կը գտնուի վերանալու ուղիին վրայ, իսկ Դիմադրութիւնը` յաղթանակի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլ ծնրադրած է Կազայի եւ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան պարզած տարազին դիմաց: