Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, երէկ գումարեց իր նիստը:
Խորհրդարանին մէջ գումարուած նիստին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա:
Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ յանձնախումբը Վրոնեցքայի հետ քննարկեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակն ու իսրայէլեան այն բռնարարքները, որոնց պատճառով նախանցեալ օր նահատակուեցաւ բանակային մը:
Ալամէ խստիւ դատապարտեց այդ արարքը` զայն զետեղելով ՄԱԿ-ի եւ միջազգային հասարակութեան տրամադրութեան տակ:
Ալամէ նկատել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին կեդրոնացած են հիմնական կէտերուն վրայ` շեշտելով, որ թիւ 1701 բանաձեւի խախտումը միշտ կը գործուի Իսրայէլի կողմէ: Ան նշեց, որ Իսրայէլ 2006-էն ի վեր ցամաքային եւ օդային ոտնձգութիւններ կը գործէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան օդային տարածքները կ՛օգտագործէ ռմբակոծելու Սուրիան: Այս իմաստով Ալամէ վերյիշեցուց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրապարակած տեղեկագիրները, որոնք կը մատնանշեն նոյն իրականութիւնը, այլ խօսքով` իսրայէլեան մնայուն խախտումները թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Ալամէ աւելցուց, որ նիստին ընթացքին դատապարտուած են Կազայի երեխաներուն դէմ Իսրայէլի գործած ոճիրները:
«Հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլին տրուած պատասխանները պաշտպանողական պատասխաններ են` թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան առումով իսրայէլեան խախտումներուն», ըսաւ Ալամէ` աւելցնելով, իսրայէլեան բանակը լայն տարողութեամբ ֆոսֆորային ռումբեր կ՛օգտագործէ:
Ալամէ ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին շարքերուն մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով նահատակի արձանագրուիլը եւս թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան խախտում է:
Ալամէ նշեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին հարց տրուած է Վրոնեցքային թիւ 1701 բանաձեւին բարեփոխումին մասին տեղեկատուական մարզին հաղորդած տեղեկութիւններուն առնչութեամբ` աւելցնելով, որ Վրոնեցքա հաստատած է, որ ՄԱԿ-ի մէջ թիւ 1701 բանաձեւը բարեփոխելու տրամադրութիւն գոյութիւն չունի: «Վրոնեցքա ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ի մէջ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան նկատմամբ յանձնառութիւն կայ, այնպէս ինչպէս է Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը», ըսաւ ան:
Ալամէ նշեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու իրականութեան: «Այս մասին Վրոնեցքա յայտնեց, որ ՄԱԿ կը հասկնայ Լիբանանի մտահոգութիւնները եւ մատուցած զոհողութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով տնտեսական եւ ընկերային իր դժուար կացութիւնը», ըսաւ Ալամէ` դիտել տալով, որ իրենք ներկայացուցած են այդ մասին արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին առաջարկները:
Ալամէ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուող միջազգային օժանդակութիւններուն պէտք է վերջ տրուի: «Այդ օժանդակութիւնները պէտք է շարունակուին, երբ տեղահանուածները դէպի Սուրիա տունդարձ կը կատարեն», յայտնեց Ալամէ: