Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ Պոմպարտիերիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

December 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերին, որուն տուաւ հետեւեալ հարցը. «Արդեօք Եւրոպական Միութեան անդամ աշխարհի ղեկավարները տեղեա՞կ են այն ոճիրներուն մասին, որոնք Իսրայէլ կը գործէ Կազայի քաղաքայիններուն դէմ, ինչպէս նաեւ դիտմամբ սպաննած երեխաներուն մասին»:

Պու Սաապ Պոմպարտիերիէն պահանջեց, որ իր այս տեսակէտը Իտալիոյ կառավարութեան ճամբով փոխանցուի Եւրոպական Միութեան, որպէսզի ան շարժի Կազայի դէմ գործուած ոճիրները կասեցնելու ուղղութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն եւ լիբանանեան բանակի հրամանատարի նշանակումին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ եւ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող կացութեան մանրամասնութիւնները:

Այս շրջագիծին մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը բարեփոխելու հաւանականութիւնը:

Պու Սաապ ընդգծեց հարաւային Լիբանանի մէջ զինադուլ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հարաւային Լիբանանի մէջ յաւելեալ կայունութեան մասին խօսիլ:

«Այդ պարագային միայն կարելի է լիբանանցիներուն` ընդհանրապէս ու հարաւի բնակչութեան` յատկապէս, յոյս ներշնչել` ամերիկեան վարչակազմին հետ բարգաւաճման եւ վերակառուցման ծրագիրները քննարկելու, այն պահուն, երբ քաղաքական բանակցութիւնները կը սկսին», շեշտեց Պու Սաապ:

 

 

Նախորդը

Բանակին Եւ Հանրօգուտ Շինութեանց Նախարարութեան Միջեւ Գործակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.