Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, նախագահելէ ետք յանձնախումբի նիստին, շեշտեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձը զերօ է եւ տակաւին հիմնուած է ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի 1500 լ. ոսկի սակին վրայ:
«Անկարելի է ընդունիլ այս իրականութիւնը, որովհետեւ կարելի չէ վարչութենէն պահանջել, որ իր պարտականութիւնները կատարէ, երբ պաշտօնեան անիրաւուած է: Արդեօք ինչո՞ւ միլիառներ ծախսող կառավարութիւնները քննչական խորհուրդներուն չեն դիմեր եւ պետական մարզը չեն աշխուժացներ: Արդեօք որովհետեւ անոնք կը փափաքին առանց հսկողութեա՞ն աշխատիլ եւ ծախսել», հարց տուաւ Քանաան:
Քանաան հաստատեց, որ կարելի չէ 38 հազար միլիառ լիբանանեան ոսկի ունենալ պետական ամավարկի պահեստին մէջ` աւելցնելով, որ իրենք ելեւմուտքի նախարարութենէն պահանջած են պահեստի այդ գումարին դրդապատճառներուն մասին զեկուցել յանձնախումբին` նկատի ունենալով, որ անիկա ապօրինի է:
Քանաան հաստատեց, որ որոշում կայացուցած են պետական վարչութիւններուն սպառած ելեկտրականութեան սակին հարցը լուծելու` անոնց կարիքին հիման վրայ:
Քանաան ընդգծեց, որ պետական գանձարկղէն առ հաշիւ առնուած հազարաւոր միլիառներ չեն վճարուած եւ ապօրինի են: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք անոնք կը փափաքին անտառի մէ՞ջ ապրիլ, թէ՞ օրէնքի պետութեան:


