Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Այցելեց Պըրրիի Եւ Ընդունեց Հիւպատոսական Անձնակազմը

December 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Այն Թինէէն մեկնումի պահուն Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիին ներկայացուցած է Տուպայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, յատկապէս Լիբանանի եւ շրջանին մէջ բռնկած պատերազմին վերաբերող զարգացումները:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ եթէ նախարարական յանձնախումբը որոշէ պետական մարզի պաշտօնեաներուն արդիւնաբերութեան հիմամբ աշխատավարձին վերաբերող յաւելումները, ապա ինք անմիջապէս կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ նիստի մը:

Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հիւպատոսական անձնակազմը` նախագահութեամբ Ժոզեֆ Հապիսի:

Միքաթի շեշտեց, որ ամերիկեան կողմին, ՄԱԿ-ին եւ Եւրոպական Միութեան հետ իր կատարած հաղորդակցութիւններուն հիմնական նպատակն է Լիբանանը զերծ կացուցել հաւանական որեւէ ընդարձակ պատերազմէ:

Ան նշեց նաեւ, որ յաջորդ ամիսներուն ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդմէջէն պիտի կատարուին բանակցութիւններ` հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանին մէջ յաւելեալ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ այդ բանակցութիւնները պիտի ընդգրկեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան ամբողջացումը: «Բանակցութիւններուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ լուծել նաեւ թշնամի Իսրայէլին հետ սահմանային կարգ մը կէտերուն շուրջ տարակարծութիւնները», ըսաւ ան:

Միքաթի շեշտեց, որ այս հարցերուն լուծումը անհրաժեշտ է, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը հաւանական պատերազմէ զերծ կացուցել` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին կարելի ըլլայ հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ ամբողջական կայունութիւն հաստատել:

 

Նախորդը

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկը` Իր Պատճառելիք Վնասներով, Առաջին Անգամ Ըլլալով Միաւորեց Աշխատաւորներն Ու Գործատէրերը»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Ուժեր Թիրախ Դարձուցին Ատայսէի Լիբանանեան Բանակին Դիրքը Նահատակուեցաւ Զինուոր Մը Եւ Վիրաւորուեցան Երեք Ուրիշներ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.