Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանաան. «2024-ի Պետական Ամավարկը` Իր Պատճառելիք Վնասներով, Առաջին Անգամ Ըլլալով Միաւորեց Աշխատաւորներն Ու Գործատէրերը»

December 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար Ժորժ Մաարաուիի եւ նախարարութեան ներածումի բաժանմունքի պատասխանատու Լուայ Հաժ Շահատէի, գումարեց իր հերթական նիստը:

Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը աւարտած է 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծին օրինական կէտերու քննարկումը` աւելցնելով, որ յանձնախումբը այսօր պիտի քննարկէ հանրապետութեան նախագահութեան, կառավարութեան եւ անոր պատկանող կառոյցներուն պիւտճէները:

«2024-ի պետական ամավարկը, իր պատճառելիք վնասներով, առաջին անգամ ըլլալով միաւորեց աշխատաւորներն ու գործատէրերը: Ամավարկին պարտադրելիք տուրքերը ոչ ոք զանց առած է, նոյնիսկ մահացողները, աշխատավարձերն ու սպառողները` տարբեր մակարդակներու վրայ», ըսաւ Քանաան:

Ան հաստատեց, որ յանձնախումբը սպառողական արտադրութիւններուն պարտադրուած տուրքերը բարեփոխած է` սղաճի հիման վրայ:

«Հաստատեցինք մեր մերժումը` ամէն տեսակի նոր պարտադրուելիք տուրքերուն ու տուգանքներուն եւ կառավարութենէն պահանջեցինք գիտական ուսումնասիրութեամբ` այդ տուրքերուն ազդեցութիւնը գնահատել պետական ամավարկի նիւթական բացին վրայ», ըսաւ ան:

Քանաան այսօր` չորեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին պիտի նախագահէ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ Զգուշացուց Թիւ 1701 Բանաձեւը Խախտելէ Եւ 1948-ի Աղէտը Կրկնելէ

Յաջորդը

Միքաթի Այցելեց Պըրրիի Եւ Ընդունեց Հիւպատոսական Անձնակազմը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.