Լիբանանեան

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանն Ու Սպառնալ Պէյրութը Վերածել Կազայի

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանն Ու Սպառնալ Պէյրութը Վերածել Կազայի

Մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ ռմբակոծել հարաւային Լիբանանը եւ սպառնալ Պէյրութը Կազայի վերածել, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան պիտի հասնի Լիբանան: Կը նախատեսուի, որ շաբաթ, 16 դեկտեմբերին ան այցելէ հարաւային Լիբանան` ստուգելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական ուժերու զօրամասը: Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք երկօրեայ այցելութիւնը սկզբունքով նախատեսուած է...

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի  Դիւանի Նիստին

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Հատի Ապուլ Հասան, Ալեն Աուն եւ  Ապտել Քերիմ Քապպարա, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր: Նիստին ընթացքին խորհրդարանի դիւանը որոշեց խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը հրաւիրել հինգշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2023-ին,...

Պու Սաապ Խորհուրդ Կու Տայ Ուղղուիլ  Բանակի Նոր Հրամանատարի Մը Նշանակման

Պու Սաապ Խորհուրդ Կու Տայ Ուղղուիլ Բանակի Նոր Հրամանատարի Մը Նշանակման

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը օրինագիծեր: Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան «Աման» ցանցի ֆինանսաւորումին համար վաւերացուած է 300 միլիոն տոլարի գումար մը: Ան նշեց, որ այդ օրինագիծը պիտի ուղարկուի խորհրդարանի հինգշաբթի օրուան օրէնսդրական նիստին: Պու Սաապ նշեց, որ նիստին ընթացքին վաւերացուած է նաեւ...

Սլիմ. «Կառչած Կը Մնանք ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն  Դերակատարութեան` Յատկապէս Ներկայ  Պայմաններուն Ընթացքին»

Սլիմ. «Կառչած Կը Մնանք ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Դերակատարութեան` Յատկապէս Ներկայ Պայմաններուն Ընթացքին»

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հոլանտացի իր պաշտօնակից Քայսա Օլոնկրենէն: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու շրջանային իրադարձութիւնները: Օլոնկրեն ընդգծեց հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական մագլցումները մեղմացնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ միջազգային հասարակութիւնը կ՛ուղղուի որդեգրելու երկու պետութիւններու լուծումը` ապագային: Սլիմ հաստատեց, որ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը անկարելի է իրականացնել առանց արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ...

Պու Հապիպ. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ  Խաղաղութեան Եւ Միջազգային Օրէնքին, Որոնք  Կը Ծառայեն Իբրեւ Օրինական Նեցուկ` Զայն  Պաշտպանելու Իսրայէլեան Ախորժակներէն»

Պու Հապիպ. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Խաղաղութեան Եւ Միջազգային Օրէնքին, Որոնք Կը Ծառայեն Իբրեւ Օրինական Նեցուկ` Զայն Պաշտպանելու Իսրայէլեան Ախորժակներէն»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Ժընեւի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարդկային իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Վոլքեր Թիւրքի հետ: Պու Հապիպ բարձր գնահատեց Լիբանանի հանդէպ Թիւրքի կեցուածքը` հաստատելով, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Պէյրութի մէջ մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարին շրջանային կեդրոնատեղիին աշխատանքը ամրապնդելու: «Մարդկային իրաւունքներու միջազգային ուխտին 75-ամեակը Լիբանանի համար շատ կարեւոր է եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 12.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 11.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 8000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի...

Մամլոյ Արձակուրդ` Առ Ի Զօրակցութիւն Կազայի Ժողովուրդին

Ընդառաջելով Կազային եւ պաղեստինցի ժողովուրդին զօրավիգ կանգնելու համաշխարհային կոչին եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2023-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2023-ին:

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Ռմբակոծումները  Աւելի Բուռն Դարձան. Իսրայէլեան Օդանաւեր  Թռիչքներ Գործեցին Պէյրութի Եւ Լեռնալիբանանի Վերեւ

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Ռմբակոծումները Աւելի Բուռն Դարձան. Իսրայէլեան Օդանաւեր Թռիչքներ Գործեցին Պէյրութի Եւ Լեռնալիբանանի Վերեւ

Անցեալ շաբաթավերջին հարաւային սահմանագիծն ու սահմանամերձ լիբանանեան գիւղաքաղաքները բուռն ռմբակոծումի ենթարկուեցան իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, իսկ իսրայէլեան օդուժը կէսօրին թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի, Արեւմտեան Պեքաայի, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ` ճեղքելով ձայնի պատը: Դիմադրութիւնը իր կարգին բազմապատկեց իսրայէլեան բանակին դէմ կատարած իր զինուորական գործողութիւնները: Երէկ առաւօտեան ժամը 10:10-ին, իսրայէլեան օդուժը հարաւային Լիբանանի Եարուն եւ Քաունին շրջանները ենթարկեց ռմբակոծումի, ինչպէս նաեւ մնայուն թռիչքներ...

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Միքաթիի, Ալամէի Եւ Զօր. Աունի

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Միքաթիի, Ալամէի Եւ Զօր. Աունի

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին ընդունեց ֆրանսական պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերու ընդհանուր տնօրէն Ֆրետերիք Մոնտոլինիի, ընկերակցութեամբ Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարարութեան մէջ միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալիս Ռուֆոյի, եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Մոնտոլինի յայտնեց, որ իրենք շրջան կ՛այցելեն...

Պասիլ. «Ամէն Տեսակի Փտածութիւն,  Անիրաւութիւն Եւ Բռնագրաւում Իր Վերջը Ունի»

Պասիլ. «Ամէն Տեսակի Փտածութիւն, Անիրաւութիւն Եւ Բռնագրաւում Իր Վերջը Ունի»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին Պաթրունի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ կուսակցութեան երիտասարդական թեւին հետ: Փտածութեան դէմ պայքարի միջազգային օրուան առիթով Պասիլ ընդգծեց անպատիժ մնալու եւ փտածութեան դէմ պայքար մղելու յանձնառութեան եւ հաւատքին կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց, որ ամէն տեսակի փտածութիւն, անիրաւութիւն եւ բռնագրաւում իր վերջը ունի, այնպէս ինչպէս էր Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչ Ռիատ Սալամէի պարագան, եւ պիտի...

Սամի Ժեմայէլ Աւարտեց Միացեալ Նահանգներ Իր Կատարած Այցելութիւնը

Սամի Ժեմայէլ Աւարտեց Միացեալ Նահանգներ Իր Կատարած Այցելութիւնը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ աւարտեց Միացեալ Նահանգներ իր կատարած պաշտօնական այցելութիւնը` մասնակցելով երկու համագումարներու, որոնք կազմակերպուեցան «Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեանց Ուաշինկթընի հիմնարկ»-ին, ինչպէս նաեւ «Ամերիկեան աշխատանքային խմբաւորում` ի խնդիր Լիբանանի» միութեան կողմէ: Համագումարներուն ընթացքին Սամի Ժեմայէլ անդրադարձաւ այն վտանգներուն եւ հետեւանքներուն, որ շրջանին մէջ ընթացող պատերազմը կրնայ ունենալ` Լիբանանի վրայ, նկատի ունենալով երկրին մէջ պետութեան փլուզման ընթացքը, պետական հաստատութիւններուն...

Պու Ֆաուր. «Ուալիտ Եւ Թէյմուր Ժոմպլաթներու  Առած Քաղաքական Քայլերուն Նպատակն Է Ներքին  Լիբանանեան Առումով Նուազագոյն  Համախոհութիւնը Գոյացնել»

Պու Ֆաուր. «Ուալիտ Եւ Թէյմուր Ժոմպլաթներու Առած Քաղաքական Քայլերուն Նպատակն Է Ներքին Լիբանանեան Առումով Նուազագոյն Համախոհութիւնը Գոյացնել»

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Ռաշայայի մէջ տեղի ունեցած համագումարին, որ նուիրուած էր Քամալ Ժոմպլաթի ծննդեան յիշատակին: Այս առիթով Պու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ ներկայ ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի առած քաղաքական քայլերուն նպատակն է ներքին լիբանանեան առումով նուազագոյն համախոհութիւնը գոյացնել, որպէսզի երկրին հաստատութիւնները ամրապնդուին, եւ ան կարենայ դիմագրաւել իր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն հետ միասնաբար կը բարձրացնէ իր ձայնը` մերժելու պատերազմը, որ կը քանդէ բնակարաններն ու կը սպաննէ երեխաները, ինչպէս նաեւ կը...

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Բախումները  Հետզհետէ Աւելի Բուռն Կը Դառնան

Հարաւային Սահմանագիծին Վրայ Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Բախումները Հետզհետէ Աւելի Բուռն Կը Դառնան

Իսրայէլեան բանակը երէկ աւելի բուռն կերպով շարունակեց հարուածել հարաւային Լիբանանը: Իսրայէլեան բանակը իր օդուժով եւ հրետանիով ռմբակոծեց Մանսուրի, Մաժտալզուն, Հաունին, Մըրուահին, Ռամիա, Մարուն Ռաս, Շիհին, Ռաշայա Ֆըխխար, Տհայրա, Քֆարշուպա, Հուլա, Մարքապա, Ատայսէ, Խիամ, Այթարուն, Պլիտա, Քֆարհամամ, Ֆարտիս, Հըպպարիէ, Լապպունէ, Մհայպիպ եւ Ռըպ Թլեթին շրջանները` պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ, ինչպէս նաեւ ահ ու սարսափի մատնելով հարաւային Լիբանանի բնակիչները: Կէսօրին «Էմ. Քա.»...

Վիգէն Էօլճեքեանի Մասին Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Վիգէն Էօլճեքեանի Մասին Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Եթէ յետին նպատակներ չկան, ապա լիբանանահայ քաղաքացի Վիգէն Էօլճեքեան ազատ պիտի արձակուի ազրպէյճանական բանտէն: Մինչ կը սպասենք Վիգէնի ազատ արձակումին, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Վ. Էօլճեքեանի ազատ արձակման ուղղութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ապահովական իշխանութիւններուն ի գործ դրած ջանքերուն համար»:

Ուաշինկթընի Մէջ.   «Անհրաժեշտ Է Արգիլել Լիբանանի Հաշուոյն Կատարուելիք Որեւէ Գործարք»  Շեշտեց Ժեմայէլ

Ուաշինկթընի Մէջ. «Անհրաժեշտ Է Արգիլել Լիբանանի Հաշուոյն Կատարուելիք Որեւէ Գործարք» Շեշտեց Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր շրջապտոյտին շրջագիծին մէջ, երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Պարպրա Լիֆի հետ: Երկարատեւ հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց Լիբանանը շրջանին մէջ մղուող պատերազմին հետեւանքներէն հեռու պահելու կարեւորութիւնը: Ան ընդգծեց միջազգային բանաձեւերու գործադրութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս` թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերը: «Անհրաժեշտ է արգիլել...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Թոնի Քահուաժին: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց նախկին նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ապահովական զարգացումները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ուիլիըմ Թոք:...

Սուրի Մէջ.   «Լիբանանը Փրկելու Համար Պէտք Է Ըլլանք  Միասնական Եւ Զօրակցինք Իրարու»   Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Սուրի Մէջ. «Լիբանանը Փրկելու Համար Պէտք Է Ըլլանք Միասնական Եւ Զօրակցինք Իրարու» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը  երէկ ուղղուեցաւ Սուր` զօրակցութիւն յայտնելու հարաւային Լիբանանի բնակչութեան, յատկապէս անոնց, որոնք սահմանամերձ շրջաններէն տեղահանուած եւ ուղղուած են Սուր` իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով: Ռայի պատրիարքը այցելեց մարոնի համայնքի Սուրի առաջնորդարանը, ուր շեշտեց, որ ինք հարաւային Լիբանան կ՛այցելէ` հաստատելու համար իր զօրակցութիւնը տեղի բնակչութեան եւ շրջանին, որոնք աղէտալի պատերազմի մը սակն է, որ կը վճարեն: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց,...

Պըրրի Ընդունեց Թէյմուր Ժոմպլաթը  Եւ Խորհրդարանի Դիւանը Հրաւիրեց Ժողովի

Պըրրի Ընդունեց Թէյմուր Ժոմպլաթը Եւ Խորհրդարանի Դիւանը Հրաւիրեց Ժողովի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթը, որուն ընկերակցեցաւ իր նախագահած Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ երեսփոխաններէն, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան պատասխանատուներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումի պատասխանատուներ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուող...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ.  «Մտավախութիւն Ունինք, Որ Ա. Իշխանութեան  Դատարկութեան Պատճառով Ոմանք Իւրացնեն  Լիբանանի Պատերազմի Որոշումը»

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Մտավախութիւն Ունինք, Որ Ա. Իշխանութեան Դատարկութեան Պատճառով Ոմանք Իւրացնեն Լիբանանի Պատերազմի Որոշումը»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ մարոնի եպիսկոպոսները ցաւ կը յայտնեն Կազայի պատերազմին եւ անոր պատճառած աղէտին առումով` աւելցնելով, որ վեցօրեայ զինադադարը շարունակուելու պարագային կրնար բարիք բերել: Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց այն հաւանականութիւնը, որ հարաւային...

Page 231 of 987 1 … 230 231 232 … 987

Արխիւներ